Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Քոթանճեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին

Հայաստանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, Տիգրան Քոթանճեան կը շարունակէ մնալ առաջին դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 6 կէտ: Ան կէս կէտով կը գերազանցէ Ռոպերթ Յովհաննիսեանը:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, առաջին դիրքը 6,5 կէտով կը գրաւէ Շուշանայ Սարգսեան: Անոր ետին 6 կէտով 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Մարիա Գէորգեան:

Share this Article
CATEGORIES