Երկօրեայ Պայմանաժամի Աւարտով. Ցուցարարները Վերստին Փակեցին Նաամէի Աղբանոցին Մուտքը

Շարպել` Նաամէի աղբանոցին առնչակից քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներուն հետ
Հակառակ բացայայտ թէ քուլիսային ճիգերուն, կարելի չեղաւ համոզել Նաամէի աղբանոցի փակման ձեռնարկած քաղաքացիները յետս կոչելու իրենց սաստկացումի որոշումը: Արդարեւ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախօրօք տրուած երկօրեայ պայմանաժամի աւարտին, ցուցարարները վերստին փակեցին Նաամէի աղբանոցին մուտքը: Անոնք սպառնացին արգիլել «Սուքլին» ընկերութեան բեռնակառքերը` իրենց աղբերը հոն պարպելէ:
Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպէլ, որ փորձած էր համոզել ցուցարարները, ձախողած էր իր առաքելութեան մէջ: Հաղորդագրութեամբ մը ցուցարարներուն անունով տոքթ. Աժուատ Այյաշ յայտնեց, որ կողմերը լուրջ յանձնառութիւն չեն ցուցաբերեր ժամկէտներուն գծով:
Նշենք, որ դարձեալ այս գծով, Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ Նաամէի աղբանոցի հարցին առնչակից մօտակայ քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ վերակառուցման եւ Բարգաւաճումի խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժըսր:

