Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Սուրիահայութեան
«Գալուստ ԿիւլպԷնկեան հիմնադրամ»-ը կը հաղորդէ, որ հիմնադրամի Խնամակալներու խորհուրդը նոյեմբերին որոշած է սուրիահայութեան տրամադրել 120 հազար եւրոյի օժանդակութիւն մը, որ պիտի ըլլայ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը կազմակերպութիւններու վերահսկողութեան տակ: Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած գումարը պիտի ծառայէ ոչ միայն Հալէպի համայնքի վերականգնման, այլ նաեւ պիտի նպաստէ այլ համայնքներու, ներառեալ` Դամասկոսի հայութեան: Հիմնադրամը անցեալ տարուան ընթացքին Սուրիայէն մեկնած գաղթականներուն համար 80 հազար եւրոյի գումար մը յատկացուցած էր:
Աջակցութիւն Կրթական Ոլորտին
Պատերազմէն խոյս տուած հազարաւոր սուրիացի համալսարանականներ այժմ իրենք զիրենք կը գտնեն իրենց ուսումը շարունակելու դժուարութեան առջեւ: Ի տես այս տագնապին` ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութեանց դաշինքի նախկին բարձրագոյն յանձնակատար Խորխէ Սամփայօ այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար ստեղծեց Սուրիացի ուսանողներու համար համաշխարհային գործընկերութիւնը, որուն նպատակը նշեալ ուսանողներուն կրթաթոշակներու վճարման աջակցիլն է, ինչպէս նաեւ` օգնել, որ ուսանողները իրենց ապաստանած երկիրներուն մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակեն: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը մինչեւ 2015 պիտի զօրակցի այս ծրագիրին` հալէպահայ ուսանողներուն տրամադրելով շուրջ 200 հազար եւրօ:
Աւելի՛ն. Հայաստան գտնուող շուրջ 350 սուրիացի գաղթական ուսանողներ իրենց ուսումը շարունակելու համար «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքէն աջակցութիւն պիտի ստանան:
Սուրիոյ մէջ նախակրթական եւ երկրորդական դպրոցները եւս պատերազմէն մեծ վնասներ կրեցին: Հիմնարկը այդպիսի 22 դպրոցներու համար շուրջ 125 հազար եւրոյի գումար մը պատրաստած է, որպէսզի հազարաւոր մանուկներ կարենան իրենց ուսումը շարունակել:

