Սեմինար – Հանդիպում` Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Խումբերու Ակումբներուն Հետ

seminarՀայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆետերասիոնին գրասենեակին մէջ Սեմինար-հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբերու ակումբներուն ներկայացուցիչներուն հետ:

Ինչպէս ծանօթ է, 28 դեկտեմբեր 2013-ին հրապարակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի տարեկան ծրագիրներուն յայտարարութիւնը, որ սովորաբար կ՛ազդարարէ արտօնագիրներու տարեշրջանին սկիզբը: Այն արտօնագիրները, որոնք կը տրուին ակումբներուն` տարեշրջանին ընթացքին, հիմքը կը հանդիսանան եւ իրաւունք կու տան անոնց մասնակցելու բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ակումբներու պաշտօնական մրցաշարքերուն:

Այդ սեմինար-հանդիպումին մասնակցեցան ակումբներու արտօնագիրներով զբաղող պատասխանատուները:

Անոնց ներկայացուեցան բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են նախորդ տարեշրջանին համեմատ` կապուած արտօնագիրներու չափանիշներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ակումբներուն ներկայացուցիչները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու այն չափանիշներուն, զորս անոնք պէտք է ներկայացնեն մինչեւ փետրուար:

Անոնց հիման վրայ է, որ անոնք մարտին կը ստանան իրենց արտօնագիրները:

Share this Article
CATEGORIES