50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 24 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՏՈՄՍԵՐ

ՄՈԳԵՐՆ ՈՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ասկէ շա՜տ, շա՜տ տարիներ առաջ Արեւելքի հեռաւոր երկիրներէ մոգեր եկան Հրէաստան, Բեթղեհեմի մէջ ծնած Յիսուս մանուկին երկրպագելու համար: Ուղտերով եկան, հետերնին բերելով ոսկի, զմրուխտ, մարգրիտ եւ այլ թանկագին քարեր ու նուէրներ: Ասոնք ուխտերնին կատարելու համար լեցուն ձեռքերով եկան եւ ուխտերնին կատարելէ ետք դատարկ ձեռքերով վերադարձան:

Այս պատմական օրերէն գրեթէ երկու հազար տարիներ ետք աշխարհի չորս ծագերէն ուխտաւորի ցուպը ձեռքերնին մարդիկ հայրենիք փութացին: Անշուշտ կարելի չէ ուրանալ, թէ իրենց գերագոյն նպատակն է այցելել Էջմիածին, համբուրել հայրապետին աջը եւ օրհնութիւնը առնել, տեսնել Սեւանն ու ելեկտրակայանները: Այո՛, այս էր իրենց բուն նպատակը գոնէ երեւութապէս…:

Ասոնք, միշտ յարգելով բացառութիւնները, պարապ ձեռքերով գացին հայրենիք, եթէ երբեք նկատի ունենանք իրենց հետ տարած շրթունքի ներկերը եւ նայլըն գուլպաները` հայրապետին հասցէով…: Այս ուխտաւորները պարապ գացին եւ լեցուն եկան…

Արդ, թէ՛ մոգերը, եւ թէ՛ մեր «ուխտաւորները», ուխտաւորներ էին անկասկած: Թէպէտեւ մերիններուն համար աւելի նախընտրելի է «ուղտաւորներ» ըսել, հոգ չէ թէ օդանաւով գացած ըլլան անոնք, իսկ մոգերը` ուղտերով:

Յիսուսի մօտ գացող ուխտաւորները հին օրերու ճամբորդութեանց բոլոր չարչարանքները եւ վտանգները դիմագրաւելով գացին եւ իրենց գանձանակները լա՜յն, շա՜տ լայն բացին: Ասոնք ճշմարիտ ուխտաւորներ էին…

Իսկ մեր հայրենիքին կարօտովը տոչորուող, հայրենասէր, եկեղեցասէրները, ներկայ օրերու ճամբորդութեանց բոլոր բարիքները վայելելով գացին: Վերադարձին սակայն քիչ մը նեղութիւն կրեցին, իրենց գօտիներուն մէջ զետեղուած թանկագին քարերուն եւ պարարտացած պայուսակներուն ծանրութեան պատճառաւ…

Մոգերուն համար, իմաստուն մարդիկ ըսուած է Աւետարանին մէջ: Սակայն ինչպէս կը տեսնէք, այսչափ ալ իմաստուն չեն, քանզի թռչուն մը զարնելու համար մէկ քանի քարեր կը նետեն… Թէպէտեւ մեր «ուխտաւորներուն» համար որեւէ բան չ՛ըսուիր, բայց եւ այնպէս յայտնի է, թէ մոգերէն ալ աւելի իմաստուն են, որովհետեւ իրենց ուխտաւորի ցուպովը մէկէ աւելի թռչուններ կը զարնեն… Եւ ի՜նչ պարարտ թռչուններ:

ԳԵՒՕ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԱՍԸՐԻ ՀԵՌԱԳԻՐԸ
ՀԱԼԷՊԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, իսլամական Ատհա տօնին առիթով, շնորհաւորութեան եւ արեւշատութեան մաղթանքի հեռագիր ղրկած էր ԱՄՀ-ի նախագահ Կամալ Ապտէլ Նասըրի: Հեռագիրներ ղրկած էր նաեւ փոխ նախագահներուն, նախարարներուն եւ թեմի նահանգապետներուն: Սրբազան հայրը շնորհակալութեան հեռագիրներ եւ քարտեր ստացաւ: Ստորեւ ԱՄՀ-ի նախագահին ստացած հեռագրին պատճէնը.-

ԳԵՐՇ. Տ. ՂԵՒՈՆԴ Ս. ԱՐՔԵՊ.
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻՆ

Սրբազնութեանդ եւ համայնքի անհատներուն ցոյց տուած զգացումներուն եւ Ատհա տօնին առիթով Ձեր շնորհաւորութեանց համար, Ձեզի կը յայտնեմ անկեղծ շնորհակալութիւններս երջանկութեան եւ առողջութեան լաւագոյն մաղթանքներով:

ԿԱՄԱԼ ԱՊՏԷԼ ՆԱՍԸՐ

Share this Article
CATEGORIES