«Պատանի» Մը` Անջրպետին Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
2013 թուականի վերջաւորութեան Անջրպետի միջազգային կայանը տօնեց իր 15-րդ տարեդարձը: Այս հսկայական փազըլին կազմութիւնը դիւրին չէ եղած:
20 նոյեմբեր 1998-ին ռուսական հրթիռ մը անջրպետ կը տանէր Անջրպետի միջազգային կայանին առաջին կտորը: Ներկայիս անիկա անջրպետին մէջ մարդուն կողմէ կազմուած ամէնէն մեծ առարկան է:
Այս կայանը շինուած է իբրեւ երկրագունդի եւ անջրպետի դիտարան մը:
Մեր գլուխներուն վրայ, 387 քմ բարձրութեան վրայ, անիկա բազմաթիւ երկիրներու կարելիութիւն կու տայ կատարելու իրենց գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ փորձերը:
* * *
Անոր շինութիւնը եղած է հանգրուաններով, ինչպէս, օրինակ, լեկոյով խաղալիքի մը շինութիւնը:
Տասնեակներով հրթիռներ ղրկուած են անջրպետ` ամէն անգամ իրենց հետ կտոր մը տանելով: 2003 թուականին կայանին շինութիւնը կեցած է «Քոլոմպիա» անջրպետանաւի արկածէն ետք, որուն ընթացքին մահացան ամերիկացի եօթը աստղանաւորդներ:
Կայանին առաջին անձնակազմը, որ բաղկացած է 3 աստղանաւորդներ է, հոն կը հաստատուի նոյեմբեր 2000-ին: Կայանին շինութիւնը կ՛ամբողջանայ 2011 թուականին, երբ կը հաստատուի «Լէօնարտօ» վերջին անջրպետամեքենան: Այս տարի «Նոքա» անջրպետամեքենան պիտի փոխարինէ 2001-ին դրուած ուրիշ անջրպետամեքենայ մը: Այո, Անջրպետի միջազգային կայանը կը ծերանայ: Ըստ գնահատումներուն, անիկա պիտի շարունակէ աշխատիլ մինչեւ 2020, նոյնիսկ` մինչեւ 2028 թուական:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– 2000 թուականէն ի վեր Անջրպետի միջազգային կայանը ընդունած է 39 անձնակազմ եւ 211 այցելու, որոնցմէ 7-ը անջրպետի զբօսաշրջիկներ էին: 2005 թուականէն ի վեր, հոն միաժամանակ կրնան մնալ 6 անձեր` 3 անձերու փոխարէն:
– Կայանը մեր մոլորակին շուրջ կը դառնայ միջին հաշուով 90 վայրկեանէն:
– Ամէն օր ան կը կտրէ երկրագունդէն լուսին երթուդարձի հաւասար հեռաւորութիւն մը:
– 2000 թուականէն ի վեր աստղանաւորդները 1000 ժամ անցուցած են կայանէն դուրս:
– Աւելի քան 1500 գիտական փորձեր կատարուած են հոն: Այդ փորձերէն մաս մը կարելիութիւն տուած է երկրագունդին վրայ մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրելու, օրինակի համար, մարդամեքենաներու կողմէ կատարուած վիրաբուժական գործողութիւններուն մարզին մէջ:
– Կայանին մէջ մնացող աստղանաւորդները կը փոխուին ամէն 6 ամիսը անգամ մը, եւ երբեմն անոնք իրենց հետ կը բերեն տարօրինակ առարկաներ, ինչպէս, օրինակի համար… ողիմպիական ջահը կամ «Քիրոպօ» մարդամեքենան:
Ո՞ր Մէկն Է Արեւուն Ամէնէն Մօտ Մոլորակը
Փայլածուն
- Տրամաչափ` 4900 քմ
- Արեւէն հեռաւորութիւն` 58 միլիոն քմ
- Գտնուած է հին ժամանակներէն
- Արբանեակներու թիւ` 0
Անունը
Հռոմէացիներուն մօտ փայլածուն (Մերքիւր) վաճառականութեան եւ ճամբորդութեան աստուածն էր: Նոյն ժամանակ ան աստուածներու պատգամաբերն էր: Հաւանաբար մոլորակը իր լատիներէն այս անունը ստացած է, որովհետեւ ան շատ շուտ կը դառնայ արեւուն շուրջ, 88 օրէն (մինչ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ 365 օրէն):
Մոլորակին մասին
Փայլածուին շուրջ յատուկ մթնոլորտ մը գոյութիւն չունի: Միայն կազի բարակ խաւ մը կը շրջապատէ մոլորակը:
Անոր մակերեսը ծածկուած է փոսերով, լուսինի մակերեսին նման: Այս փոսերը յառաջացած են, երբ երկնաքարեր ինկած են մոլորակին վրայ: Այս փոսերէն ամէնէն մեծը կոչուած է «Քալորի աւազանը»: Անիկա ունի 1300 քմ տրամաչափ: Սակայն Փայլածուի
ն վրայ կան ուրիշ հարթ շրջաններ. անոնք հաւանաբար հալած լաւայի մնացած հետքերն են:
Փայլածուին մակերեսի խաւը շատ հաստ է, մօտաւորապէս` 1000 քմ: Ներքին խաւը համեմատաբար բարակ է եւ` ժայռերէ կազմուած: Վերջապէս, Փայլածուն ունի հեղուկ երկաթէ կազմուած հսկայ կորիզ մը: Անիկա կը ներկայացնէ ամբողջ մոլորակին 70 առ հարիւրը:
Փայլածուի վրայ օրը կը տեւէ մեր երկրագունդին 6 ամսուան տեւողութեան չափ: Ան ինքն իր վրայ դառնալու համար 6 ամիս կը դնէ, մինչ արեւուն շուրջ դառնալու համար` նուազ քան 3 ամիս:
Մատիտը Բոյսի Կը Վերածուի
Սփրաութ մատիտը (որ անգլերէն կը նշանակէ` «ծիլ») միայն տարօրինակ անուն մը չէ: Անիկա բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի:
Անոր առաջին առաւելութիւնը այն է, որ անիկա 100 առ հարիւր բնական է` շինուած մայրիի փայտով:
Ասոր կողքին, այս պարզ դասական մատիտի մը նման ան կը գործածուի գրելու համար, գծելու համար…
Եւ երբ Սփրաութ մատիտը կը հասնի իր կեանքի վերջաւորութեան, կարելի է զայն պարզապէս քիչ մը հողի մէջ ցանել:

Հոս է, որ անակնկալը կը յայտնուի: Ան ծայրը պարզ ռետին մը ունենալու փոխարէն` ունի հատիկներով լեցուն եւ ջուրին մէջ հալող պզտիկ պատեան մը: Պզտիկ թաղարի մէջ այդ մատիտը կը վերածուի բոյսի մը կամ գեղեցիկ ծաղիկի:
Դրօշակը Կը Վերածուի
Դպրոցական Պայուսակներու
Աշխարհի ամէնէն մեծ դրօշակը 101.000 մեթր քառակուսի է: Անիկա հաւասար է 19 ֆութպոլի դաշտերու մեծութեան: Անիկա ներկայացուած է դեկտեմբեր 2013-ին, Քաթարի մէջ, երկրին ազգային տօնին առիթով: Այս ձեւով ան արձանագրուած է «Կինես»-ի գիրքին մէջ:
Դրօշակը մութ կարմիր եւ ճերմակ է եւ կը կշռէ 10 թոն:
Զայն շինելու համար գործածուած կտորը 3 օդանաւերով փոխադրուած է: Այժմ դրօշակը պիտի վերամշակուի: Անիկա պիտի գործածուի դպրոցական պայուսակներ շինելու համար: Այդ պայուսակները պիտի բաժնուի կարիքաւոր 200 հազար աշակերտներու, 60 երկիրներու մէջ:
Ռուփի` Աշխարհի Գագաթին Վրայ
Խեղճ Ռուփի շան կեանքը դիւրին չէր սկսած: Անոր տէրը` նախկին կոլֆ խաղցող մարզիկ Ժոան Լեֆսըն զայն գտած էր շատ խեղճ վիճակի մէջ, Թիպեթի մէջ, աղբանոցի մը մօտ:
Ան կրցած է անասունին հոգ տանիլ. Ռուփի իր ուժերը վերագտած եւ սկսած է Ժոանին ընկերանալ ամէն տեղ:
Ժոան յղացած է իւրայատուկ գաղափար մը, շունը իրեն հետ տանիլ` մագլցելու աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը` Էվերեսթը: Ան այս ձեւով ո՛չ միայն ուզած է Ռուփիի հետ ապրիլ այս արկածախնդրութիւնը, այլ` այս միջոցով մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել անասուններու հետ վատ վերաբերումին վրայ:
Այս ձեւով, հոկտեմբեր 2013-ին Ռուփի եղած է առաջին ընտանի անասունը, որ մագլցած է Էվերեսթը: Ան շատ լաւ դիմացած է բարձրութեան դժուարութիւններուն: Ժոան կը կարծէր, թէ ինք ստիպուած պիտի ըլլար զայն շալկել կարգ մը տեղեր, սակայն անասունն է, որ խումբին գլուխը անցնելով` ուղղած է դէպի գագաթ:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող 17 անբնական մանրամասնութիւնները:

Սեւով ներկէ 3-ով բաժնուող թիւերը` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ:

