Բարեւներ Այնճարէն. Լեւոնը Արաբերէն Չի Գիտեր

Մ. Թ. Հ. 

Աստուած իւրաքանչիւր մարդու շնորհք մը պարգեւած է:

Ի՞նչ թող ընէ Լեւոնը, Աստուած պարգեւած չէ իրեն ուսանելու շնորհք:

Հազիւ առաջին-երկրորդ դասարան յաճախած է:

Վարժապետը այլեւս ձանձրացած Լեւոնը խրատելէն` վերջապէս օր մըն ալ յայտարարած է. «Յիմար, տխմար արարա՛ծ, գնա՛` պապայիդ օգնէ»…

Ուստի Լեւոնը  հազիւ միայն հայերէն կրցած է սորվիլ… այն ալ ակումբէն:

Ինչ որ է, մէկ խօսքով, յանցանքը իրը չէ, այլ` բնութեան…  պարգեւած բարիքներուն:

Սակայն Լեւոնը  ընկերային-ազգային տղայ է: Աստուած իրեն պարգեւած է արուեստագէտի շնորհք եւ արկածախնդիր նկարագիր: Երկու անգամ ճամբորդած  է Արեւմտեան Հայաստան: Բացառիկ արկածախնդրութեամբ թափանցած  է այնպիսի  վայրեր, որոնք բացարձակապէս արգիլուած են թուրք կառավարութենէն: Լուսանկարած է այնպիսի նկարներ, որոնք կը ներկայացնեն հայոց պատմութիւնը:

Լեւոնին նկարները այնքան հռչակ  ստացան, որ արժանի եղաւ ամբողջ սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ ներկայացնելու զանոնք: Ամերիկա, Քանատա, Ֆրանսա, Շուէտ, Աւստրալիա… խօսքը չ՛ըլլար միջինարեւելեան գաղութներուն` Սուրիա, Յորդանան, Եգիպտոս… Լիբանանի գրեթէ բոլոր հայկական միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողական խորհուրդը, խանդավառուած Լեւոնին յաջողութիւններէն, անշուշտ հայ ուսանողներու նախաձեռնութեամբ, կը հրաւիրէ զինք, որպէսզի ցուցահանդէս մը ներկայացնէ նաեւ համալսարանի ուսանողութեան:

Տեղացիները հետաքրքրուած Լեւոնին հռչակաւոր լուսանկարներով` 5-6 հարիւր ուսանողներով կը մասնակցին ցուցահանդէսին:

Լեւոնը առաջին անգամ ըլլալով, ոչ հայկական միջավայրի պիտի ներկայացնէ ցուցահանդէս: Վերջին վայրկեանին, երբ կը տեսնէ բերնէ բերան լեցուն սրահը, նոր կ՛անդրադառնայ, թէ կարելի չէ հայերէնով բաւարար բացատրութիւններ տալ տեղացի ուսանողներուն, գոնէ հարկ է, որ արաբերէն լեզուով ներկայացնէ զայն: Բայց ուրկէ՞ այդքան արաբերէն…

Լեւոն խուճապահար կը դիմէ զինք հրաւիրող հայ ուսանողներուն, որպէսզի փարատեն իր մտահոգութիւնները.

– Ես այդքան արաբերէն չեմ գիտեր` բացատրելու համար նկարներուն իմաստը:

– Հոգ չէ, հոգ չէ,- ամենայն պարզութեամբ կը հանդարտեցնեն զինք ուսանողները,- անգլերէն կամ ֆրանսերէն բացատրէ, ասոնք կը հասկնան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES