Նիքոլայ Լիժքի` Լիբանանի Ճատրակի Ազգային Խումբերու Մարզիչ
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր, ընդլայնուած հանդիպում մը ունենալով ճատրակ խաղացողներու հետ` Համրայի մէջ գտնուող «Մանհաթըն» ճաշարանին մէջ, ներկայացուց ուքրանացի Նիքոլայ Լիժքին, որ պիտի ըլլայ Լիբանանի ճատրակի ազգային խումբերուն մարզիչը:
Լիժքի ըսաւ, որ ութ ամիս պիտի ըլլայ ֆետերասիոնին տրամադրութեան տակ եւ այդ ժամանակաշրջանին ընթացքին իր ունեցած գիտելիքներն ու ձեռք ձգած միջազգային փորձառութիւնը պիտի սորվեցնէ ազգային խումբերու երկսեռ ճատրակ խաղացողներուն: Այդ ծանրաբեռնուած փորձերը տեղի պիտի ունենան Պիր Հասանի շրջանին մէջ գտնուող «Ուահտէ Ռիատիէ» սրահին մէջ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Պատըր ըսաւ, որ այս քայլին կը դիմէ, որպէսզի Լիբանանի ազգային խումբերուն արդիւնքները` միջազգային եւ արաբական մակարդակի վրայ, ըլլան նախկիններէն շատ աւելի տպաւորիչ:

