Գաղափարապաշտ Քրմապետին Հետքերով. («ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութիւն» Ա. Եւ Բ. Հատորներու Հրատարակութեան Առիթով)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Յատկապէս երիտասարդ սերունդի մէջ, Վարանդեան բարձր
հմայք ունէր` իր խանդավառ գրիչով եւ լայն ազատական
գաղափարներով, իբրեւ հրապարակագիր»:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Հասարակական, ընկերային թէ միութենական կեանքի հարթակին վրայ կամ քովն ի վեր, ի՜նչ կ՛արժեն ֆիզիքական ներկայութիւններ թէ գործընթացներ, կուտակուած տարեթիւեր թէ շռայլ կարգախօսներ, եթէ երբեք անոնց հիմքը, ակունքը, սնուցիչ տարրն ու գոյութեան իմաստը էապէս պարուրուած չըլլայ գաղափարայնօրէն եւ չունենայ կեանքի կոչուելու իրաւունքը:
Յայտնապէս, հայ ժողովուրդի պարագային, ազգային ազատագրական պայքարը, յեղափոխաշունչ սխրանքները, քաղաքական մտքի ու կամքի զարթօնքը, բռնութեան եւ բարբարոսութիւններու դէմ դնելու վճռակամութիւնն ու անձնուիրումը, վերջին աւելի քան հարիւր տարիներուն պիտի մնային սոսկ պոռթկումի եւ ընդվզումի դրսեւորումներ, եւ առհասարակ մոռացութեան մատնուելու դատապարտուած, եթէ երբեք նոյնինքն այդ սրբազան հողէն եւ տառապեալ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ չառնէին գաղափարին պաշտամունք ունեցող քուրմեր, առհաւական արեան կանչին ու հայոց աննման հայդուկներու հաւատամքին երկրպագուներ, այո՛, ապրող գրիչներ, որոնք շնորհիւ իրենց ազնուարիւն տիպին, ազատասէրի ու հայրենապաշտի կազմաւորումին, գիտական մտքին ու տաղանդին, քաջութիւնը ունեցան սպիտակ թուղթին յանձնելու արեամբ շաղախուած ազգային հրաշագործութիւնները:
Եւ այդ սերունդին ամէնէն տիրական եւ մարգարէաշունչ անհատականութիւնը հանդիսացաւ ազատութեան եւ քաջագործութիւններու երգիչը` Միքայէլ Վարանդեան:
Հայոց լեռներու շունչով եւ աստուածամերձ գագաթներու կենարար ազդեցութեամբ հասակ առած պատանին ու հետագայ դաշնակցական երիտասարդը` իր կողքին ունենալով Ռոստոմի նման ապառաժեայ տիտաններ, Զաւարեանական հոգեկերտ ներշնչումներ, բայց մանաւանդ` Քրիստափորեան մարդակերտի փայլատակումներ, իր կարգին դարձաւ հետագայ երիտասարդութեան ներշնչումին եւ պաշտամունքին արժանի գրիչի մարտիկը, գաղափարական աշխարհի կերտիչն ու անզուգական տեսաբան-հրապարակագիրը:
Ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր ու գալիքներու դարերուն, իր ազգային պատմութեան եւ ժողովուրդի սխրանքներու տրոփով ապրող իւրաքանչիւր հայորդի, երբ իր սեղանին վրայ եւ հոգեկան աչքերուն առջեւ բաց պահէ Միքայէլ Վարանդեանի ստեղծագործ մտքին արգասիքը հանդիսացող որեւէ հատոր, գրքոյկ թէ աշխատութիւն, անվարան եւ ստուգապէս պիտի հաղորդուի անոր շունչով եւ գրական-գեղարուեստական ոճի եզակի եւ անսեթեւեթ ապրումներու կենդանութեամբ:
Փաստօրէն, Միքայէլ Վարանդեանի գրիչին արգասիք եղող էջերը խորքին մէջ իր ասպետական հոգիին եւ ճառագայթող մտքին վճիտ արտայայտութիւններն են, կազմաւորումին ամէնէն բիւրեղ ցոլքերը, դաշնակցականի հաւատամքին ու գործին իւրովի ըմբռնումը:
Կարդացէք իր կենսագիրներուն գրիչէն հոսող որեւէ տող ու բառ, միտք ու հաստատագրում, եւ աւելիով պիտի պայծառանայ այս խոհուն եւ վաւերական գործիչին մարդկային դէմքը, անհատականութիւնն ու դաշնակցականի հմայքը:
Այո՛, այդ հմա՜յքը, այսինքն իրաւութիւնն ու անկեղծութիւնը, հաւատքին զօրութիւնն ու խանդաղատանքը, առաջին հերթին` որ կը տածէր իր ժողովուրդին եւ ապա` ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ:
Իսկ, եթէ հարցնելու ըլլանք, ազգովին, թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել այդ հմայքին եւ անհատականութեան կենսաղբիւրը, եւ կամ ո՛ր մեհեանին պատասխանին գաղտնիքը տուած է նոյնինքն Վարանդեան, երբ գրիչը թաթխած է իր տառապեալ ժողովուրդի արեան թանաքին, երբ հոգին սնուցած է հայոց լեռներու մեծութեամբ, երբ մտաւորականի իր կոչումին պարուրած է իրաւութիւնն ու կենդանի գործին հաւաստիքը:
Բացէ՛ք վարանդեանական որեւէ էջ, յայտնապէս այս զոյգ հատորի սպիտակ եւ ոգեշնչող ներկայութեան, եւ պիտի կախարդուիք անոր թաթաւուն, ապրող եւ խանդավառութեամբ յագեցած տողերով, միտքերով եւ հարազատ նկարագրութիւններով, որոնք թէեւ պատահած են աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, սակայն, անոր հրաշափառ գրիչով կը մնան կենսունակ, կայտառ եւ անփոխարինելի:
Այլ ասած, չկա՛յ որեւէ քաղաքական դէպք, ժողովրդական ցասում, ազգային առաջադրանք թէ հերոսական արարք, որոնք նախ անցած չըլլան իր հոգիին ու մտքին պրիսմակէն, տեսնուած եւ ապրուած չըլլան հարազատօրէն, եւ ջերմօրէն կլանած` անոր յուզաշխարհն ու գիտական կազմաւորումը:
Արդարեւ,
Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան» պատմութիւն Ա. եւ Բ. հատորներու միացեալ հրատարակութիւնը, Պէյրութ, 2013¬ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ, գնահատանքի արժանի է, ոչ թէ անոր համար, որ հայ ընթերցասէրներու սեղանին տրամադրած է իսկապէս որակեալ հատոր մը, որ կը յատկանշուի գեղատիպ տպագրական աշխատանքով, խմբագրական աչալրջութեամբ թէ մեկենասի նախանձախնդրութեամբ, այլեւ վարանդեանական շունչին, մտքին ու տեսլականներուն հաւատարիմ մնալու պատրաստակամութեան:
Մեծարժէք է նաեւ այն մտածումը, որ հատորը նուիրուած է մերօրեայ այլ գաղափարական ու դաշնակցական հաւատամքին ծառայութեան կոչուած հանգուցեալ Մատթէոս Պէրպէրեանի յիշատակին, որուն ողջ գործունէութեան ծանօթանալու պատեհութիւն մըն է նաեւ այս հրատարակութիւնը:

