Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Խալտէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս պիտի մերժեն, որ յառաջիկայ 17 յունուար 2015-էն սկսեալ աղբի որեւէ փոխադրակառք մուտք գործէ Նաամէի աղբանոց:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործեց Պաալպեքի եւ Պեքաայի վերեւ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական-համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը կ՛օժանդակէ դէմ դնելու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կազմել ազգային ուխտի եւ համախոհական կառավարութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմէ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն վտանգը միայն այս կամ այն համայնքին կամ շրջանին չէ որ կը սպառնայ, այլեւ` ամբողջ երկրին:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան նպատակով վառած կանաչ լոյսը վերածուած է դեղինի:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ Հըզպալլա միլիս մըն է, որ ենթակայ է Իրանի հրահանգին` աւելցնելով, որ այդ շարժումը արդէն իսկ խզած է լիբանանեան ազգային ուխտը եւ վերածուած երկիրը բռնագրաւող ուժի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը երէկ յայտնեց, որ Պքերքէ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանը առանց կառավարութեան կարելի չէ ձգել, «պայմանաւ որ անիկա ըլլայ ներդաշնակ եւ իսկական կառավարութիւն մը»:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը Հըզպալլայի մօտ չի գտնուիր, այլ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին մօտ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իմաստով իրենց ներկայացուած բոլոր առաջարկները չեն համապատասխաներ իրենց պահանջներուն եւ ձգտումներուն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ պատրաստուած ռեփորթաժը, որ նկարուած է իսրայէլեան «Ռամաթ Տաւիտ» օդուժի զինուորական խարիսխին մէջ եւ որ կը բովանդակէ իսրայէլացի պատասխանատուներու հետ հարցազրոյցներ, թշնամիին հետ գործակցութիւն կը նկատուի:
ԲԱՆԱԿԸ շաբաթավերջին Արեւմտեան Պեքաայի Մարի գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու անդամ երիտասարդ մը, որուն անունն է Ռայան Ա. ՈՒ. եւ ծնած է 1998-ին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը պիտի չկազմէ, այնքան ատեն որ կառավարութիւն մը կազմելու առումով խորհրդակցութիւնները առկայ են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ մէջ ժիհատի գործողութիւններ կատարող խմբաւորում մը շեշտած է, որ իրենք պիտի բազմապատկեն Հըզպալլայի դէմ իրենց կատարած գործողութիւնները` հրկիզելով Լիբանանը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կ՛ապրին պարսկական վարչակարգի մը լուծին տակ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը կարելի է հաստատել, երբ ապահովութեան ուժերը այդ շրջանին մէջ իսկական ներկայութիւն կը դառնան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ կը զօրակցի լիբանանեան որեւէ համախոհութեան, որ կը պահպանէ Լիբանանը եւ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի կառավարութեան կազմութիւն:

