Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահը Կը Յայտարարէ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ»

Ատլի Մանսուր

Ատլի Մանսուր

Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր յայտարարեց, որ որոշած է բարեփոխել ապագային ճամբու քարտէսը` նշելով, որ «նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ»:

Մանսուր ըսաւ, որ «նախագահական ընտրութեան յանձնախումբէն պիտի պահանջեմ թեկնածութեան առաջադրման սկիզբը յայտարարել»:

Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ «անհրաժեշտութեան պարագային հայրենիքը պաշտպանելու համար արտակարգ միջոցառումներ որդեգրելու պիտի չտատամսինք»` աւելցնելով, որ «մենք հայրենիքի եւ քաղաքացիներու ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը պիտի պահպանենք»:

«Հաստատութեանց վրայ վստահութիւնս ամուր է, եւ անդուլ կերպով պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան եւ զայն ղեկավարողներուն դէմ», ըսաւ Մանսուր` աւելցնելով, որ «արդարադատութեան կոչ ուղղեցի արդարադատական կեդրոններուն թիւը աւելցնելու` ահաբեկչութեան դատերու մէջ արդարութեան գործադրումը արագացնելու համար»:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն ի վեր ընթացք առած բախումներուն պատճառով արձանագրուած է առնուազն 49 զոհ եւ շուրջ 250 վիրաւոր:

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան համաձայն, 1079 մարդ ձերբակալուած է:

Շաբաթ օր Եգիպտոսի տարբեր քաղաքներուն մէջ բազմահազար մարդիկ ցոյցեր կատարեցին` նշելով երկրի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի հրաժարականի 3-ամեակը:

Անոնց մէկ մասը բողոքի ցոյցերով աջակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի ներկայ իշխանութիւններուն, իսկ միւս մասը` յուլիսին գահընկէց եղած իսլամական նախագահ Մոհամետ Մուրսիի:

 

Share this Article
CATEGORIES