Նշմար. Էնվերի Թոռը` Ընդդէմ Ճեմալի Թոռան

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «Հապեր7» կայքէջը հաղորդեց, որ Էնվեր փաշայի թոռը` Օսման Մայաթեփեք` խօսելով 1915-ի դէպքերուն մասին, Հայոց ցեղասպանութիւնը «հեքիաթ» որակած է:

Էնվերի փաշայի ժխտողական թոռան հրապարակ գալը հակակշռելու համար է Ճեմալ Փաշայի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թոռան` Հասան Ճեմալի երեւոյթը: Հասան Ճեմալի նման ընտանեկան արմատներ ունեցող անձ մը կարելի չէ «հասարակ» թուրք քաղաքացիով մը հակակշռել. ահա թէ ինչու թրքական իշխանութիւնները «յայտնաբերեցին» Էնվերի թոռը, որուն ներկայացուցած պնդումները, բնականաբար, թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութեան դասական մէկ օրինակն են:

2015-ի նախօրեակին, Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներուն թոռներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու փորձին առաջին քայլը, սակայն, կարելի չէ յաջող նկատել, որովհետեւ Մայաթեփեք իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած անակնկալ հետաքրքրութենէն գինովցած եւ տարիներու անտեսումէն ետք յանկարծ լուսարձակի տակ առնուելէն շլացած` «Հապեր7»-ի հետ իր զրոյցին ընթացքին իրեն տրուած ցուցմունքէն շեղելով ձաբռտած է. «Այսինքն` Օսմանեան կայսրութիւնը հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած ժողովուրդի մը դէմ մէկ օրուան մէջ որոշեց ցեղասպանութի՞ւն գործել: Ուրիշ գործ-բան չունէի՞ն: Ատոր ուրիշ բացատրութիւն չկայ, այդ պատճառով ալ ատիկա ամբողջութեամբ հեքիաթ է»:

Իրողութեան մէջ, եթէ կայ հեքիաթ մը, այդ ալ տարիներով իր սպասած ուշադրութեան արժանանալու երազին իրականացումով` ոմն Մայաթեփեքի կեանքին մէջ «անհաւատալի» նոր զարգացումն է, որ բնականաբար հեքիաթ մը կը թուի իրեն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES