Հայ-Ռուսական Զինուորական-Արհեստագիտական Համաձայնագիրը Հաւանութեան Արժանացաւ Ռուսական Կառավարութեան Կողմէ
Ռուսիոյ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող համաձայնագիրի հաստատումին: Համաձայնագիրը երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած է Երեւանի մէջ 25 յունիս 2013-ին, կը յայտնէ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Փաստաթուղթը պէտք է քննարկուի Ռուսիոյ կառավարութեան նիստին, որմէ ետք անիկա հաստատման կը դրուի երկրի խորհրդարանին մէջ:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ զինուորական-արհեստագիտական զինամթերքի մշակման, արտադրութեան, վերանորոգման եւ չէզոքացման հարցերուն կողմերուն համար բարենպաստ դրութեան հաստատում: Համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելէն ետք զինուորական արտադրանքի տեղափոխումը մէկ երկրէն միւսը պիտի իրականացուի առանց արտօնագիր տալու:
CATEGORIES Հայկական