Լոս Անճելըս Քաղաքը Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը

Փոլ Գրիգորեան
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այդ կոչը կատարուած է բանաձեւով մը, որուն հեղինակն է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան: Հոն նշուած է, որ Լոս Անճելըսի ղեկավար մարմինը կը ճանչնայ Արցախի աշխուժօրէն զարգացող, անկախ եւ ինքնիշխան հանրապետութիւնը, որ ունի հազարամեայ պատմութիւն, եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին համար նուիրական վայր մըն է:
«Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակած է 10 դեկտեմբեր 1991-ին, երկար պայքարէ ետք, որ որոշ առումներով` կը շարունակուի մինչեւ այսօր», ըսուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի բանաձեւին մէջ, որ վաւերացուեցաւ անցեալ տարի, 10 սեպտեմբերին, Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական քաղաքային իշխանութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան` Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան նախօրեակին:
Նշենք, որ այս բանաձեւին մասին ցարդ պաշտօնական լրատուութիւն չէր եղած:
Ամերիկացի քաղաքական պաշտօնատարները նշած են, որ անցեալ 2 տասնամեակներուն, Արցախի Հանրապետութիւնը պատերազմի, կոտորածներու, տնտեսական տագնապներու եւ այլ մեծ դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ իսկ ցուցաբերած է յամառութիւն եւ հաստատակամութիւն, հաւատարիմ մնացած է իր ժողովուրդին, պահպանած է անկախութիւնը, նպաստած է կովկասեան շրջանի կայունութեան, միաժամանակ` դրական փոփոխութիւններ բերած շրջանին` կազմակերպելով ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, որոնք օրինակ դարձած են շրջանի միւս երկիրներուն համար:
Բանաձեւին մէջ ամրագրուած է նաեւ, որ 24 ապրիլ 2012-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը Լոս Անճելըսն ու Շուշին հռչակեց քոյր քաղաքներ, ինչ որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ ընդգծուած դրական վերաբերմունքի առաջին արտայայտութիւնը չէր: Արդարեւ, 2010-ին, Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մեծագոյն քաղաքի ղեկավար մարմինը հանդիսաւոր ընդունելութիւն կազմակերպեց ի պատիւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ անոր յանձնեց հռչակագիր մը, որուն մէջ ամրագրուած էր պատրաստակամութիւն` սատարելու ժողովրդավարութեան ճամբով կայուն զարգացող երիտասարդ պետութեան ու անոր ժողովուրդին: Փոլ Գրիգորեանի հեղինակած նոր բանաձեւը կը վերահաստատէ այդ պատրաստակամութիւնը:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները փաստաթուղթին մէջ նշած են. «Արցախի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին կը մաղթենք խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ շարունակական յաջողութիւններ, ու միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղենք ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն»:

