ԴԱՒԻԹ ՖԱՀՐԱՏԵԱՆ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑ ՀԱՅԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՄՐՑԱՆԻՇԸ
Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին բազմացած է «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ իրենք զիրենք տեսնել ուզողներուն թիւը: Աւելի՛ն. անոնց միջեւ նոյնիսկ մրցակցութիւն սկսած է արձանագրուիլ:
Ըստ կազմակերպիչներուն, 14 տարեկան Հայկ Պետրոսեան վերջերս պտտաձողի վրայ 386 անգամ դառնալով նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Սակայն, նախանցեալ օր Հրանդ Շահինեանի անուան մարմնամարզութեան մարզադպրոցի Պրիոսովի անուան պետական համալսարանի դասախօս Դաւիթ Ֆահրատեան բարելաւեց Պետրոսեանի հաստատած մրցանիշը` պտտաձողին վրայ դառնալով 450 անգամ:
Նշենք, որ նախորդ տարի Ֆահրատեան մրցանիշ մը հաստատած էր` երկու ձեռքով դառնալով 350 անգամ, իսկ 76 անգամ` մէկ ձեռքով:
Կը կարծուի, սակայն, որ այդ մէկը կատարելով Ֆահրատեան, փափաք չէ յայտնած, որ անիկա իբրեւ նոր մրցանիշ հաստատուի, որովհետեւ ան մտադիր է այս ամրան ընթացքին անգերազանցելի մրցանիշ մը հաստատել:
Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան ըսաւ, որ մեզի համար ուրախալի երեւոյթ մըն է այն, որ մեր հայրենակիցները նոր մրցանիշներ կը հաստատեն եւ Հայաստանի անունը բարձր կը պահեն միջազգային գետնի վրայ:

