Նամականի. (Պօղոս Շահմելիքեանի «Մարտահրաւէր» Յօդուածին Առիթով)
Յունուար 5-ի «Ազդակ»-ի մեր թիւին մէջ լոյս տեսած էր մեր յօդուածագիրներէն Պօղոս Շահմելիքեանի «Մարտահրաւէր» խորագրեալ գրութիւնը, որ համացանցային կապի միջոցով հասանելի դարձած է նաեւ խումբ մը ճեմարանականներու, որոնք սովորութեան վերածած են ամէնօրեայ կապ հաստատել իրարու հետ եւ շահեկան յօդուածները կը բաժնեկցին: Վերոյիշեալ յօդուածը եւս ուղարկուած էր այդ խումբի անդամներուն, որոնցմէ երկուքը` լոնտոնաբնակ Սելլա Թնճուկեանն ու ամերիկաբնակ Հուրիկ Թուխանեան-Ճէյքապսը իրենց կեանքի փորձառութենէն եւ դիմագրաւած անձնական մարտահրաւէրներէն մղուած` արձագանգած էին յօդուածին: Ստորեւ կը ներկայացնենք զոյգ նամակները` իրենց շահեկանութեան եւ հոն արծարծուած մտահոգութիւններուն կարեւորութեան համար:
«Ա.»
Սիրելի՛ Պօղոս եւ ճեմարանականներ,
Քիչ մը ուշացումով կը կարդամ քու հետաքրքրական յօդուածներդ, կը կարդամ ու կը զարմանամ, թէ ի՜նչ դիւրութեամբ այսքան այլազան նիւթեր կը գտնես… միշտ` մեր սրտին, կեանքին կամ յիշատակներուն մօտ, որոնց մէջ բոլորս մենք մեզ կը գտնենք այս կամ այն ձեւով: Անմեղ, «ռոմանթիք» ոճ մը ունիս, որ առաւել հետաքրքրական եւ մատչելի կը դարձնէ գրիչդ:
Ըսեմ, որ զարմանալի զուգադիպութիւն մը պատահեցաւ… Յօդուածդ տակաւին չկարդացած` նախորդ գիշերը այդ նիւթի առնչութեամբ ձեզի գրելու պահանջ մը ունեցայ, գիտես` ընդհանրապէս մտատանջութիւնները գիշերները կը յայտնուին:
Սիրելի՛ ընկերներ, կ՛ուզէի ձեր բոլորին հետ ճիշդ Պօղոսին գրած յօդուածին նիւթը արծարծել: Մեր սերունդի զաւակներուն եւ թոռներու հայերէն կարենալ խօսելու կամ չխօսելու պարագան (ի դէպ, նոր սերունդներուն հայերէն կարենալ կարդալ- գրելու նիւթը ա՛լ աւելի մտահոգիչ եւ խորունկ մտածելիք նիւթ մըն է, բայց սկսի՜նք խօսակցականէն), եւ ահա Պօղոսին յօդուածը հասաւ ի պատասխան Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանին:
Բացատրեմ բոլորին, թէ ինչո՞ւ այս հարցը յանկարծ սկսաւ զիս մտահոգել:
Իմ երկու տղաքս ծնած են Անգլիա, բնաւ հայկական դպրոց չեն գացած եւ Պօղոսին զաւակներուն նման հայախօս են: (Հաւանաբար` ձեր բոլորին զաւակներուն պէս): Տղուս երկու երեխաները մինչեւ երեք չորս տարեկան բոլորովին «համր», ոչ մէկ բառ անգլերէն գիտէին. այս վիճակը շատ դժուար եղաւ ըլլա՛յ երեխաներուն, ըլլա՛յ ծնողքին` թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ գործնական գետնի վրայ, երբ դպրոցական տարիքի հասան: Դպրոցը նախ զիրենք դժուար ընդունեց, յետոյ պահանջեց, որ կարենալ քայլ պահելու համար անմիջապէս անգլերէնի անձնական դասերու սկսին, տունը անգլերէն խօսուի եւ այլն, եւ այլն:
Տղաս եւ հարսս անշուշտ կը շարունակեն տունը հայերէն խօսիլ, բայց նշանակուեցաւ մասնաւոր ուսուցչուհի մը, որ մասնագէտ է այսպիսի պարագաներու, եւ օրական մէկ ժամ սկսան հետեւիլ անգլերէնի անձնական դասերու: Սեպտեմբերէն- դեկտեմբեր` արդիւնքը ի շահ անգլերէնի սկսաւ զգալի կերպով բարելաւուիլ, իսկ հայերէնը քառասմբակ նահանջեց: Դպրոցը անշուշտ շատ գոհ է արդիւնքէն, ըստ իրենց, ամէն ինչ կարգի սկսած է մտնել, սակայն մեզի համար նկատելի է հայերէնի օրէ օր նուազ գործածութիւնը:
Որոշած ենք պայքարիլ, հայերէնի դասերու սկսիլ, ապագային ղրկել` ուր որ պէտք է… երբ իրենց կ՛այցելեմ դասաւանդութիւնն է, որ կը սկսի… Այս բառը ինչպէ՞ս կ՛ըսենք հայերէնով, իսկ մի՞ւսը® առոգանութիւն շտկելով է, որ կը զբաղիմ փոխանակ զիրենք վայելելու:
Շրջապատի անգլիախօս ընկերներու հետ բարեբախտաբար… սկսած են քայլ պահել, ուրախանա՞նք, թէ՞ տխրինք, փոքրը մեծը կապկելով` շատ աւելի արագ կը սորվի անգլերէն լեզուն, հակառակ անոր որ երկուքն ալ հայերէն գոյները, շաբթուան օրերը, հաշուել եւ այլն կրնան ընել, հայերէն երգեր գիտեն, սակայն խօսակցականը կորսուելու վրայ է:
Յայտարարած ենք, որ մենք անգլերէն լաւ չենք հասկնար, որքան որ կրկնենք այս յանկերգը եւ նախադասութիւն մը կրկնէ ըսենք, հազիւ կէս կատար սկսած հայերէն պատասխանը` անգլերէնի կը փոխուի:
Լիբանանէն հեռու, հսկայ օտարացման ալիքի, աւելի ճիշդը ցունամիի մը մէջ է, որ մեր թոռներու սերունդը հասակ կը նետէ. այս ազդեցութիւնը, հակառակ մեր ջանքերուն, կու գայ ու կը կլանէ ոչ միայն մեր ազգի լեզուն, բայց ամէն ինչ` իրեն հետ:
Կարծես ընտանիքի տան լեզուն այլեւս բաւարար չ՛ըլլար փոխանցելու մայրենի լեզուն, երբ զաւակները մեծ ընտանիքի եւ բաւական լայն շրջանակի մէջ չեն մեծնար, երբ իրենց բոլոր ընկերները անգլիացի կամ ամերիկացի են, եւ հաղորդակցութեան լեզուն անգլերէն է, ուղեղը կը նախընտրէ տեղւոյն գործածական եւ դպրոցի լեզուն:
Այս է ցաւալին Արեւմուտքին, Եւրոպայէն սկսեալ մինչեւ Ամերիկա, հաւանաբար` բացի Մոնրէալէն, ուր քաղաքը համեմատաբար աւելի փոքր է եւ շնորհիւ ակումբին, եկեղեցիին, գաղութային հանդիպումներուն եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքէն նոր հասնողներուն` երիտասարդութիւնը կը յաջողի հայերէնի կողքին հաւասարապէս երկու լեզուներու եւս տիրապետել. հայերէն գրելու կարողութիւնը տակաւին կը շարունակէ հարցական մնալ մտքիս մէջ:
Հիմա կ՛անդրադառնամ, թէ մեր մանկութեան որքա՛ն շրջապատուած էինք մենք մեզմով. դպրոց, ակումբ, դրացի, ընկեր հայ էին. մեր առօրեայ կեանքին մէջ հեռու էինք օտար ընկերներէ եւ խուլ էինք շրջապատի տեղական մշակոյթին: Ինչպէ՞ս չփնտռել մեր մանկութիւնը, Ճեմարանը, ՀՄԸՄ-ի ակումբները, եկեղեցիներ, ՄԵԾ ընտանիքը, դրացիները եւ այս կեանքին բարիքները:
Մեր անմիջական զաւակները եւ թոռները զրկուեցան ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ, հայկական դպրոցներէն, պիտի չտիրապետեն լեզուներու, մանաւանդ` իրենց մայրենի լեզուին, իսկ մեր սերունդը, առանց մասնաւոր ջանքի, եթէ նոյնիսկ այն ժամանակ չտիրապետեցինք այդ լեզուներու խօսակցականին, բայց մեզի դասաւանդուածը նախ սորվեցանք գիրքով , յետոյ քիչ մը ինքնաշխատութեամբ եւ գործածութեամբ, այսօր մեր մայրենիին կողքին քանի մը օտար լեզուներ խօսելու, կարդալու ու գրելու կարողութիւն ունինք:
Այս սերունդը ուրիշ անբացատրելի բարիքէ մըն ալ կը զրկուի մանաւանդ Եւրոպայի մէջ. չ՛ունենար այն անկեղծ ընկերական շրջանակը, մտերմութիւնը, յիշատակները, զորս մենք ամբարեցինք մեր դպրոցական կեանքին ընթացքին: Հակառակ տարիներ անցնելուն եւ շատերս Ճեմարան կէս կատար յաճախած ըլլալնուս` կարծես երէկ Ճեմարանը եւ Պէյրութը ձգած ըլլանք. փաստը մեր հայերէն նամակագրութիւններուն պարունակութիւններուն հարազատութիւնն է եւ խանդավառութիւնը, ամէն անգամ որ լուռ դասընկեր մը յանկարծ կը պատասխանէ բոլորիս նամակներուն եւ կամ հեռաւոր երկրէ մը նոր դասընկեր մը կը յայտնուի մեր նամակագրութեան ցանկին մէջ:
Արդեօք հայ երեխաներու այս սերունդին հայերէնի ապագան Արեւմուտքի մէջ վտանգուած կը նկատէ՞ք, թէ՞ կը սխալիմ:
Հարցում, որուն պատասխանը յստակ է, եթէ անմիջական եւ համայնական, կազմակերպուած աշխատանք չտարուի:
– Արդեօք այդ կլոր սեղանի եզրակացութիւնները յոռետեսակա՞ն էին,
– Կլոր սեղանէն ետք որեւէ դրական առաջարկներ եղա՞ն:
Այսօր մեր սերունդի հաղորդակցութեան լեզուն հայերէնն է, իսկ արտասահմանի երիտասարդութեան մեծամասնութեան հաղորդակցութեան լեզուն անգլերէնն է:
Սխալ չհասկնաք, չեմ կրնար անտեսել, կամ վանել ԱՆԳԼԵՐԷՆ լեզուն, անհրաժեշտ է տիրապետել անգլերէնին, բայց` ոչ հայերէնին հաշուոյն, լեզու մը, որ տրամաբանական քերականութիւն եւ մանաւանդ ուղղագրական օրէնքներ չունի, որքա՜ն արագ մեր զաւակներուն «մայրենին» կը դառնայ աշխարհայնացումի ալիքին պատճառով® նոյնիսկ ֆրանսախօս սերունդը զայն շատ դիւրութեամբ կ՛որդեգրէ: Իսկ եթէ ուշադրութիւն դարձնէք, նոր լեզու մը ստեղծուած է Լիբանանէն գաղթած ընտանիքներու երկրորդ, երրորդ սերունդներուն մէջ: Ծնողներու` զաւակներուն հետ խօսակցական լեզուն հայերէն է, սակայն երեխաներուն պատասխանը` անգլերէն, ֆրանսերէն կամ այդ երկրի տեղական լեզուով. կը կարծեմ, որ եթէ այսպէս շարունակուի ու յաջորդ սերունդը հայերէն չկարենայ արտայայտուիլ, բայց հասկնալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին վճիռը, որ կ՛ըսէ, թէ արեւմտահայերէնը շատ երկար կեանք չունի, կրնայ ճիշդ ըլլալ:
Հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել եւ մեր մէջ կարծիքներու փոխանակման սկսիլ` գիտնալու համար ձեր բոլորին զաւակներուն եւ աւելի կարեւորը` թոռնիկներուն հայերէն խօսելու կարողութեան մասին, իսկ անոնց, որոնց թոռնիկները տակաւին նորածին են եւ կամ տակաւին չունին` ուշադրութիւն:
Հետզհետէ «հայերէնանգլերէն» կամ «հայերէնաֆրանսերէն» խառնուրդ լեզուի մը դէմ յանդիման պիտի գտնուինք կամ արդէն կը գտնուինք:
Սպասելով ձեր պատասխանին:
Բարեւներով
Սելլա
***
Սիրելի՛ Սելլա,
Մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի նամակդ` իր շատ կարեւոր մտորումներով եւ խորհրդածութիւններով: Քանի որ ես ալ կ՛ապրիմ անգլիախօս երկրի մը մէջ, ուր անգլերէն լեզուն Քոքա քոլայի շիշին հետ տուն կը մտնէ (Զարեհ Մելքոնեանէն մէջբերում մըն է այս մէկը), հարկ է որ իմ գաղափարներս արտայայտեմ այս մասին:
Երբ զաւակներս դեռ փոքր էին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը, երբ չորս տարեկան եղաւ, քովս եկաւ եւ ըսաւ, որ այլեւս չէր ուզեր հայերէն խօսիլ: Ի վերջոյ, իրենց դրացի ընկերները պէտք չունէին հայերէն սորվելու, ուրեմն իրենք եւս չէին ուզեր հայերէն խօսիլ, քանի որ «դժուար էր»: Ուրեմն, ինծի այնպէս կը թուի, որ այս պզտիկները չորս տարեկանին է, որ յանկարծ կ՛անդրադառնան, թէ իրենք միւսներէն տարբեր են: Ես ալ իրենց ըսի, թէ շատ կը ցաւիմ, որ չէք ուզեր այլեւս հայերէն խօսիլ, բայց ինծի հետ միայն հայերէն կրնաք խօսիլ: Եւ հարցը այդպէս վերջացաւ: Բախտաւոր էի քեզի պէս,Սելլա, որ ծնողքս հոս էին, ինչպէս նաեւ` եղբայրներս, քանի որ միայն ինձմէ չէր, որ հայերէն կը լսէին զաւակներս: Հայկական դպրոցը մեծապէս օգնեց գրել կարդալու համար, բայց եթէ տունը չխօսէի, դպրոցէն շատ բան պիտի չսորվէին. այստեղ հայերէնը միայն իբրեւ լեզու կը դասաւանդուի, որովհետեւ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը անգլիախօս է, ինչպէս նաեւ պարտադրուած դասերը կը խլեն ժամանակին մեծ մասը:
Նկատած եմ, որ այն փոքրիկները, որոնք դպրոց կը սկսին եւ անգլերէն լեզուին ծանօթ չեն, ուղղակի կ՛ապստամբին հայերէնին դէմ եւ այլեւս չեն ուզեր խօսիլ այդ լեզուն. կը կարծեմ թէ կ՛ընդվզին, որովհետեւ մեծ դժուարութիւն կը կրեն դպրոցին մէջ, մինչեւ որ կարենան անգլերէնին տիրապետել:
Գալով թոռնիկներուս, անոնք ալ քուկիններուդ օրին հասած են, բայց` տարբեր պատճառներով: Տղաս, հակառակ անոր որ ՀԲԸՄ-ի դպրոցը աւարտած է, կ՛ակնկալէ, որ ես իր զաւակներուն հայերէն սորվեցնեմ եւ ոչ ինք: Իսկ ես միայն շաբաթը մէկ անգամ իրենց հետն եմ, ան ալ` միայն քանի մը ժամ. շատ անգամ իրենց դասերով զբաղած են, ուրեմն չեմ կրնար հետերնին աշխատիլ: Կը գոհանամ իրենց հետ հայերէն խօսելով եւ, եթէ չհասկնան, անգլերէնով ալ կը բացատրեմ: Զարմանալին այն է, որ հպարտ են, որ իրենք հայերէն գիտեն, թէկուզ եթէ միայն անգլերէնով իրենք զիրենք արտայայտեն: Արգելք չեմ ըլլար: Կ՛ուզեմ, որ ազատ զգան հետս խօսելու, որովհետեւ տեսած եմ, որ շատ անգամ թոռնիկներ հեռու կը մնան իրենց մեծ հօրմէն կամ մեծ մօրմէն, քանի որ չեն կրնար իրենց գիտցած լեզուով հաղորդակցիլ: Ունիմ երկու փոքր թոռնիկներ ալ, որոնք մեր թաղին ծայրը կ բնակին, ուրեմն յաճախ մեր տունն են. հայկական դպրոց ալ կ՛երթան: Լաւ կը հասկնան եւ բաւական լաւ կը խօսին:
Եթէ խրատ պիտի տայի ծնողներուն, պիտի ըսէի, որ մանուկը թէ՛ երկրին լեզուն եւ թէ հայերէնը պէտք է գիտնայ դպրոց երթալէ առաջ: Եւ ինչպէս որ կը բացատրես, Սելլա, շատ օգտակար է, եթէ հաճելի հայկական շրջանակի մը մէջ մեծնան:
Շատ անգամ կը խօսիմ ամերիկահայերու հետ, որոնք հայերէն չեն գիտեր: Բոլորն ալ կը նեղուին, որ ծնողները իրենց չեն սորվեցուցած: Մինչեւ հիմա մէկ հոգի չըսաւ «Երանի հայերէն չգիտնայի»..
ՀՈՒՐԻԿ

