Սրբադասման Յանձնախումբի Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ
Օրհնութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, 27-29 յունուար Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Սրբադասման յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը` յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն համար:
Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ հոգւոց արտասանուեցաւ ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ժողովին կը մասնակցէին Սեպուհ արք. Սարգիսեան (համաատենապետ), Արշակ եպս. Խաչատրեան (համաատենապետ), Վարուժան արք. Հերկելեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Միքայէլ եպս. Աջապահեան, Բագրատ եպս. Գալստեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Բաբգէն եպս. Չարեան, Վահան եպս. Յովհաննիսեան, Զաքարիա վրդ. Բաղումեան եւ Վահրիճ աբղյ. Ղարախանեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եւ որոշումներ տրուեցան սրբադասման պայմաններու, կարգի, ցեղասպանութեան նահատակներու նուիրուած շարականի կանոններու, ծիսական յիշատակութեան կարգի եւ թուականի, անոնց մասունքներու եւ սրբապատկերներու պատրաստութեան հարցերուն շուրջ: Ժողովը յստակացուց նաեւ կատարուելիք աշխատանքներուն ժամանակացոյցը` 2015 թուականին սրբադասման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար: Այս ուղղութեամբ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:
Սրբադասման յանձնախումբին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 25-30 մայիս 2014-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ:

