Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Դպրոցական Ծրագիրներուն Մէջ Ներառելու Բանաձեւը
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը, հակառակ թրքամէտ լոպիինկի խումբերու ծանր ընդդիմութեան, 29 յունուարին միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցումը Քալիֆորնիոյ դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ ներառելու մասին «Էյ.Պի.-659» բանաձեւը:
Բանաձեւը այժմ քննարկման պիտի ներկայացուի նահանգային Ծերակոյտին, ապա պիտի վաւերացուի Քալիֆորնիոյ կառավարիչին ստորագրութեամբ:
«Էյ.Պի.659» բանաձեւը կը նախատեսէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսումնական նիւթեր ներառել Քալիֆորնիոյ պետական դպրոցներու «Պատմութիւն» նիւթի ծրագիրներուն մէջ, ընդլայնել հայերու, Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն, Ողջակիզումի մասին պատմող բանաւոր վկայութիւններուն մատուցումը: Օրինագիծին հեղինակն է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի վեհաժողովի անդամ Ատրին Նազարեան:
Ամերիկայի արեւելեան շրջանի Հայ դատի մարմինի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատուրեան նշած է.«Էյ.Պի.-659»-ի միաձայն որդեգրութեամբ կ՛ուղարկուի հզօր պատգամ մը, որ կարելի չէ գնել կամ ճնշել Քալիֆորնիոյ պաշտօնատարները` հերքելու ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը: Ամերիկայի Հայ դատի արեւելեան շրջանի մարմինը կ՛ողջունէ նահանգային վեհաժողովի անդամներ Նազարեանը եւ Աչաճեանը ցեղասպանութեան մասին ուսուցման այս կարեւոր նախագիծը ղեկավարելու համար, եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք անոնց հետ միասին աշխատելու նահանգային Ծերակոյտին մէջ համանման աջակցութիւն եւս ձեռք բերելու համար»:
«Պատմութիւնը պիտի օգնէ, որ մեր աշակերտները աւելի լաւ հասկնան ցեղասպանութենէն վերապրածներու կրած փորձութիւնները եւ դժբախտութիւնները: «Առաջին ձեռք» վկայութիւններու միջոցով աշակերտները պիտի սորվին մարդկութեան դէմ գործուած անմարդկային արարքներուն մասին եւ պիտի երաշխաւորեն, որ հետագային ցեղասպանութիւններ չիրագործուին», նշած է բանաձեւի հեղինակը` աւելցնելով, որ ատիկա առաւելութիւն կու տայ նահանգին` այդ գիտելիքները փոխանցելու եւ ապագայ սերունդներուն ուսուցանելու գործին մէջ:
23 յունուարին կայացած քննարկումներուն ժամանակ 16 թեր, 0 դէմ ձայներով բանաձեւը միաձայնութեամբ որդեգրած էր Քալիֆորնիոյ նահանգի վեհաժողովի յատկացումներու ենթայանձնախումբը: Իսկ 15 յունուարի քննարկումներուն ժամանակ Քալիֆորնիոյ վեհաժողովի կրթական հարցերով ենթայանձնախումբը 7 թեր, 0 դէմ ձայներով նոյնպէս որդեգրած էր բանաձեւը, որուն համահեղինակներն են Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդաժողովի անդամներ Խաչօ Աչաճեան եւ Սքոթ Ուիլք:

