«Հայաստան Պատճառ Չի Տեսներ Ձգձգելու Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Սերժ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ եթէ որոշման հիմքին մէջ մեր ազգային շահը կը գտնուի, ապա Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը պէտք է օր առաջ իրականութիւն դարձնել:
Հանրապետութեան նախագահը այս մասին ըսաւ Չեխիոյ մէջ` այդ երկրի նախագահ Միլոշ Զեմանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ ի՞նչը Հայաստանին կը ստիպէ այսքան արագ միանալ Մաքսային միութեան այն պարագային, երբ այդ միութեան նախաձեռնող երկիրը` Ռուսիան, անտարբերութեամբ կը հետեւի, թէ իր դաշնակից Հայաստանի սահմանակից շրջանները ինչպէս ամէն օր կը ռմբակոծուին, եւ եթէ Ռուսիա Հայաստանի դաշնակիցն է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ, ապա ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այն փաստը, որ Ռուսիա հսկայական քանակութեամբ արդիական զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին, Հայաստանի նախագահը յայտնեց հետեւեալը. «Որեւէ գործ, որուն ձեռնամուխ կ՛ըլլաս, պէտք է կատարես, ըստ կարելւոյն արագ եւ որակով: Եթէ մենք որոշում տուած ենք միանալու Մաքսային միութեան, ապա պէտք է ատիկա ընենք ըստ կարելւոյն արագ: Ինչո՞ւ դանդաղեցնենք: Եթէ մեր որոշման հիմքին մէջ կը գտնուի մեր ազգային շահը, ապա այդ որոշումը պէտք է օր առաջ իրականութիւն դարձնել: Երկրորդ` կ՛ուզեմ նշել, որ Մաքսային միութիւնը նախ եւ առաջ տնտեսական կառոյց է եւ ոչ թէ զինուորական: Եւ բնաւ պէտք չէ կասկածի տակ դնել հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութիւնը: Այո՛, ռուսական կողմը կը համագործակցի նաեւ Ազրպէյճանի հետ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք իրաւունք եւ կարելիութիւն ունինք ռուսական կողմին արգիլելու համագործակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ»:
Սերժ Սարգսեան աւելցուց. «Ինչ կը վերաբերի մեր սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ապա դուք կարելիութիւն ունեցած էք համոզուելու, որ իրավիճակը ամբողջովին կը վերահսկուի մեր կողմէ: Մենք ունինք բոլոր կարելիութիւնները պաշտպանելու մեր տարածքներուն ամբողջականութիւնը, մեր սահմաններուն անառիկութիւնը: Եւ, ի միջի այլոց, ձեզի պիտի ըսեմ, որ մեր այդ կարելիութիւնները ձեւաւորուած են, հիմա ալ կը համալրուին նաեւ Ռուսիոյ ջանքերով»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի երէկ Փրակայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ շարք մը մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման ուղղուած երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Ստորագրուեցան համաձայնագիրներ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն, առողջապահութեան նախարարութիւններուն, փոխըմբռնման յուշագիր Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Չեխիոյ ներքին գործոց նախարարութեան, միացեալ հռչակագիր Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան եւ Չեխիոյ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան միջեւ, փոխըմբռնման յուշագիր Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Պետական եկամուտներու կոմիտէի եւ Չեխիոյ մաքսային ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ համագործակցութեան մասին:

