Եուվենթուս Շատ Հաւանաբար Երկարաձգէ Քոնթէի Պայմանագրութիւնը
Իտալական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս կը մտադրէ յառաջիկայ ամիսներուն իր մարզիչին` Անթոնիօ Քոնթէի հետ կնքուած պայմանագրութիւնը երկարաձգել, բնականաբար անկէ գոհ մնալով:
Կը կարծուի, որ անոր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2018: Բնականաբար ատոր զուգահեռ, անոր աշխատավարձը եւս պիտի բարձրանայ
Ան խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց 2011-ին:
44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին հետ Եուվենթուս յաջորդաբար երկու տարի հանդիսացաւ «Քալչիօ»-ի ախոյեան, կ՛եզրափակէ ArmSport.am-ը:
CATEGORIES Մարզական

