«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Յաղթեց Հիթի. Տիւրընթ Նշանակեց 33 Կէտ

Քեւին Տիւրընթ

Քեւին Տիւրընթ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթիի յառաջապահ Քեւին Տիւրընթ բաւական լաւ մրցում մը կատարելով օգնեց իր կազմին, եւ իր նշանակած 33 կէտին շնորհիւ անոր խումբը 112-95 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթի:

Թէեւ Լեպրըն Ճոնզ ի նպաստ Հիթի նշանակեց 34 կէտ, սակայն անոր կազմը տեղի տուաւ Օքլահոմայի դիմաց:

Սակայն Տիւրընթ յաջողեցաւ յաջորդաբար 12-րդ մրցումն ըլլալով նշանակել 30 կամ աւելի կէտեր, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ատոր շնորհիւ վերջին 30 տարիներուն ան հանդիսանայ երրորդ մարզիկը, որ այդքան շատ կէտեր կը նշանակէ Քոպի Պրայընթէն (16) եւ Թրէյսի Մաքկրէյտիէն (14) ետք:

Շարլոթ Հոռնեթցի մարզիկ Ալ Ճեֆըրսըն նշանակեց 35 կէտ եւ 11 ռիպաունտ` Տենվըր Նակեթցի դէմ կատարուած յաղթական մրցումին ընթացքին (101-98):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Մայեմի Հիթ – Օքլահոմա Սիթի 95-112
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 98-83
Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ (յետաձգուած)
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 94-95
Միլուոքի Պաքս – Ֆէոնիքս Սանզ 117-126
Մինեսոթա Վուլվզ – Նիւ Օրլինզ 88-77
Տալաս Մավըրիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց 115-117
Տենվըր Նակեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 98-101
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 86-96
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 89-99
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 110-103
Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )