Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ջանացէք աւարտել այսօրուան համար ձեր պատրաստած աշխատանքը: Ոչինչ ձգեցէք վաղուան, որովհետեւ կրնաք ունենալ անակնկալ այլ պարտականութիւններ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ստանաք կարեւոր նամակ մը` ձեր ակնկալածէն աւելի դրական գնահատանքներով: Կրնաք ունենալ պաշտօնի կամ դիրքի բարձրացում: Շնորհակալութիւն յայտնեցէք նամակը առաքողին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բծախնդրութիւնը լաւ բնաւորութիւն է, բայց չափազանցութիւնը կը վնասէ, ձեր ժամանակը կը խլէ: Հետեւաբար քիչ մը հեռու մնացէք մանրամասնութիւններ որոնելէ: «Ամէն ինչ չափի մէջ գեղեցիկ է» կ՛ըսեն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երկու պարտականութիւն մի՛ ստանձնէք նոյն ժամերուն, մէկը անկատար կը մնայ: Աճապարանքով կատարուած գործը շուարումի կը մատնէ: Հանդարտ աշխատանքը միշտ յաջողութեամբ կ՛աւարտի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աննշան կարծուած հարց մը յաճախ աւելի երջանկութիւն կը ստեղծէ, որուն չէք անդրադառնար: Այսօր պիտի գտնուիք նման վիճակի մէջ, գնահատեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Փունջ մը ծաղիկով արտայայտուած շնորհաւորանքը կամ գնահատանքը աւելի իմաստ ու խորհուրդ ունի, քան` որեւէ ուրիշ նուէր, նոյնիսկ` սուղ արժող: Այս խորհուրդին հետեւեցէք այսօր, գոհ կը մնաք երկուստեք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներուն ըրածով մի՛ հետաքրքրուիք, կարեւոր է ձեր ըրածը: Իւրաքանչիւր անձ իր կարողութեան չափը ցոյց կու տայ: Անհրաժեշտ է աշխատանքը: Ուրախացէք ձեր իրագործումներով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առաջին հայեացքով տրուած գնահատանքը յաճախ իրականութեան կը համապատասխանէ. այսուհանդերձ, այսօր ձեր գնահատանքը կատարեցէք լաւ մտածելով: Կեանքը ունի բացառութիւններ, արագ վճիռ մի՛ տաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, ձեր զաւակներով հետաքրքրուեցէք մօտէն: Անոնց փափաքը կատարեցէք միշտ չափաւորութեամբ: Թոյլ մի՛ տաք, որ շփանան անտեղի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եղանակին յարմար վերաբերում ունեցէք, ոչ միայն ուտելիքի, այլեւ` ձեր ծրագիրները դասաւորելու: Նկատի առէք ցուրտը եւ ըստ այնմ հագուեցէք, երբ հրաւիրուած էք խնճոյքի կամ հանդիսաւոր հանդիպումի մը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տան կահաւորման, բարեզարդման աշխատանքով պիտի զբաղիք: Օրը կը պարտաւորեցէն ըլլալ չափաւոր, ինչ կը վերաբերի կատարուելիք ծախսերուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շահածէն աւելի ծախսելով` կրնաք ունենալ պիւտճէի վնաս: Ուշադիր եղէք, մտածեցէք ձեր ապագային մասին: Խնայասիրութեամբ ծախսեցէք:

Share this Article
CATEGORIES