Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ֆէյսպուք` Ժամանակավրէպ Դառնալու Ճամբուն Վրայ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985facebookԱՆՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ ՉԷՐ, ԻՍԿ ԱՅԺՄ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԹԻՒԵՐԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԻՐՕՔ, ԿԱՐԳԸ ՀԱՍԱԾ Է ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ԱՅՍ ՄԻՋՈՑԻՆ` ԿՈՐՍՆՑԵՆԼՈՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԵՒ 25 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԿԸ ԼՔԵՆ ՖԷՅՍՊՈՒՔԸ ԵՒ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆ ՀՈՆ, ՈՒՐ ԻՐԵՆՑ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԳՏՆԵԼ ԶԻՐԵՆՔ: ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ՎԵՐԱԳՏՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼ ԶԻՐԵՆՔ ԴԱՏՈՂ ԱՉՔԵՐԷ: ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՓԱՐՄԻ ՕԼՍԸՆ «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐՈՒ (ՍՄԱՐԹՖՈՆ) ՄԻՋՈՑՈՎ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ՎԵՐՋ ԴՆԵԼ ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ:

Անցեալ տարեվերջին Ֆէյսպուք կատարեց ցնցիչ խոստովանութիւն մը` յայտարարելով իր կատարած շահը եւ նշելով, թէ` «անկում արձանագրած է Ֆէյսպուք գործածող անձերուն թիւը, մասնաւորաբար` պատանիներուն քով»: Այլ խօսքով, պատանիներ կը շարունակեն գործածել Ֆէյսպուքը, սակայն` ոչ առաջուան չափ: Ասիկա անկիւնադարձային յայտարարութիւն մըն էր, որովհետեւ պատանիները կը կազմեն ժողովուրդին այն հատուածը, որ յաճախ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի յաջորդ մեծ նորութիւնը:

Ֆէյսպուք Դարձած Է Ստիպողական Միջոց

985facebook2Ֆէյսպուքը փոխարինած են բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններ, ինչպէս` ՈւաթցԱփ, ՈւիՉաթ եւ ՔաքաօԹոք, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Ֆէյսպուք զոհը դարձած է իր սեփական յաջողութեան: Ֆէյսպուքի բռնած ճամբան իրեն ապահոված էր շուրջ 1.2 միլիառի հասնող հետեւորդներ. մայրերը, հայրերը, մօրաքոյրներն ու հօրեղբայրները այն սերունդին, որ առաջին անգամ որդեգրած էր զինք: Անոնք անմիջապէս սկսած էին Ֆէյսպուքի «պատերը» լեցնել ոգեշնչող մէջբերումներով, սիրուն անասուններու նկարներով եւ ինչ որ ամէնէն աւելի ցնցիչ էր` իրենց զաւակներուն հրապարակած նկարներուն մասին արտայայտութիւններով: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Ֆէյսպուք այլեւս անձնական վիճակի մասին տեւաբար նորութիւններ հրապարակելու ազատ վայր մը չէ եւ վերածուած է հաղորդակցութեան ստիպողական միջոցի մը, զոր պատանիները կը պահեն, պարզապէս որովհետեւ ամէն ոք կը պահէ զայն:

Իսկ հետաքրքրական բոլոր բաները կը պատահին այլ տեղ` անոնց բջիջային հեռաձայններուն վրայ:

Երբ 2009-ին առաջին անգամ յայտնուեցան բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններ, ինչպէս` ՈւաթցԱփ, կը թուէր, թէ անոնք սպառնալիք մըն էին բջիջային հեռաձայնի գիծեր վաճառող ընկերութիւններուն: Վոտաֆոնի եւ Քէյ. Փի. Էն.ի նման ընկերութիւններ զանոնք կը նշէին իրենց նոր արտադրութիւններուն ծանուցումներուն մէջ: Կ՛ըսուի, թէ Հեռաձայնի գիծեր վաճառող ընկերութիւններ 2012-ին 23 միլիառ տոլարի վնաս արձանագրած են «Էս.Էմ.Էս.»-երէ գոյացած իրենց տարեկան եկամուտին մէջ: Պատճառը երկտողեր փոխանակելու ծառայող նոր սպասարկութիւններն են, որոնց միջոցով կարելի է ձրի երկտողեր փոխանակել հեռաձայնի կապով: Այժմ այս սպասարկութիւնները սկսած են վտանգ սպառնալ նաեւ համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու:

Իբրեւ բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւն` Բրիտանիոյ տարածքին ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելէ ՈւաթցԱփը, որ գոյութիւն ունի երկրին մէջ գործածուող այ.Ֆոներուն աւելի քան կէսին վրայ: «Մոպայլ Մարքըթինկ Մակըզին» թերթին համաձայն, աշխարհի տարածքին աւելի քան 350 միլիոն անձեր ՈւաթցԱփ կը գործածեն: Այլ Խօսքով, ՈւաթցԱփը ամէնէն աւելի գործածուող երկտողեր փոխանակելու միջոցն է. զայն գործածողներուն թիւը կը գերազանցէ համացանցի վրայ ընկերային կապերու ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող ցանցին` Թուիթըրի երկրպագուներուն թիւը, որ կը հասնի 218 միլիոնի: Բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու խորհրդատու Թինթեք ընկերութեան համաձայն, Պրազիլի բնակչութեան շուրջ 90 առ հարիւրը, ռուսերուն 70 առ հարիւրը եւ բրիտանացիներուն 50 առ հարիւրը կը գործածէ բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններ: ՈւաթցԱփ զետեղուած է Սպանիոյ տարածքին գործածուող «խելացի հեռաձայններու» աւելի քան 95 առ հարիւրին վրայ: Իսկ բջիջային հեռաձայններու փոքր պաստառին վրայ նման սպասարկութիւններու ծառայութիւնները օգտագործող անձերուն մեծ մասը 25 տարեկանէն վար է:

«Աւելի Անձնական Միջոց Մը»`
Ուաթցափ

Պատճառը տարիքով աւելի մեծ անձերու թափանցումն է Ֆէյսպուքի աշխարհ: Այլ պատճառ մըն է երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններու տրամադրած առաւելութիւնները, ինչպէս` բոլորին աչքէն հեռու ծածուկ զրուցել անձերու հետ, որոնք իրական բարեկամներ են: Փոխանակ Ֆէյսպուքի վրայ կրաւորական ձեւով հետապնդելու մեզի հազիւ ծանօթ անձեր, բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու միջոցով կրնանք զարգացնել իրական զրոյց մը` իրական կեանքի մէջ բարեկամներու հետ. պէտք է անոնց բջիջային հեռաձայնին թիւը ունենանք` նման սպասարկութիւններու միջոցով կապ հաստատելու համար անոնց հետ: Այս ուղղութիւնը պատասխան մը կը թուի ըլլալ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ուղղուած այն քննադատութիւններուն, թէ անոնց ընկերային կեանքը մեծ մասամբ իրականանման (վըրչուըլ) է, բայց `ոչ իրական: Յայտնապէս անոնք սկսած են որդեգրել անձնական կեանքի յատկանիշներ եւ ՈւաթցԱփի նման սպասարկութիւններ, որոնք կը խուսափին ծանուցումերէն:

«ՈւաթցԱփ կը գործածեմ միայն հաղորդակցելու եւ նկարներ ուղարկելու համար», կ՛ըսէ Լոնտոնի մէջ 20-ական տարիքի պաշտօնեայ մը` Նաթալի Ուեսթ, որ կ՛աշխատի դրամական մարզին մէջ: Վերջին քանի մը տարիներուն ան հետզհետէ նուազ Ֆէյսպուք գործածած է, որովհետեւ չի փափաքիր, որ «ամբողջ աշխարհը գիտնայ», թէ ի՛նչ կ՛ընէ ինք: Երբ Ֆէյսպուքի վրայ ձեռնարկներ եւ հանդիպումներ կը կազմակերպուին, Ուեսթ կը պատասխանէ ՈւաթցԱփով, որովհետեւ «աւելի անձնական միջոց մըն է»: Նմանօրինակ պատճառներով երիտասարդներուն եւ պատանիներուն շուրջ 78 առ հարիւրը կը գործածէ բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններ` հանդիպումներ եւ պտոյտներ կազմակերպելու համար բարեկամներու հետ, ինչպէս կը հաստատէ «մոպայլԵութ» ուսումնասիրական-խորհրդատուուական ընկերութիւնը:

Այլ ազդակ մըն է բջիջային հեռաձայնով ինքնալուսանկարներ (սելֆի) առնելու եւ ուղարկելու երեւոյթին տարածումը: Հազիւ թեւի մը հեռաւորութեամբ առնուած յաճախ անմիտ ինքնալուսանկարներ կը փոխանակուին բջիջային սպասարկութիւններով: Համացանցի վրայ լուսանկարներ տեղադրելու ծառայող Ինսթակրամ ցանցին մէջ բրիտանացի 14-21 տարեկան պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ հրապարակուած լուսանկարներուն շուրջ կէսը բջիջային հեռաձայնով առնուած ինքնալուսանկարներ են, ինչպէս կը հաստատէ «մոպայլԵութ»:

Նման լուսանկարներ բջիջային հեռաձայնի յատուկ սպասարկութեան մը միջոցով ուղարկելը աւելի ապահով է, քան` զանոնք Ֆէյսպուքի վրայ զետեղելը, որովհետեւ, երբ բջիջային հեռաձայնով կ՛ուղարկենք, նուազ հաւանական է, որ զանոնք տեսնեն Ֆէյսպուքի մեր հարիւրաւոր բարեկամները, որոնց գոյութիւնը արդէն մոռցած ենք:

Բջիջային հեռաձայնով ինքնալուսանկարներ հրապարակելու երեւոյթը շատ աւելի ընդհանրացած է լուսանկարներ փոխանակելու ծառայող Սնափչաթ սպասարկութեան միջոցով, ուր հրապարակուած լուսանկարը ինքնաբերաբար կը ջնջուի, երբ անձ մը կը ստանայ եւ կը տեսնէ զայն: Սնափչաթ գործածողներուն թիւը կը հասնի 150 միլիոնի: Ամէնէն աւելի զայն կը սիրեն գործածել պատանիները` իրենց ցանկայարոյց ինքնալուսանկարները ուղարկելու համար: Սակայն անոնք Սնափչաթը կը սիրեն նաեւ անոր համար, որ անիկա առիթ կու տայ իրենց անվարան ուղարկելու անմիտ ինքնալուսանկարներ, քաջ գիտնալով, թէ ատոնք յաւիտենապէս պիտի չգոյատեւեն թուային (տիճիթըլ) աշխարհին մէջ:

Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած այս սպասարկութիւնը այնքա՛ն ժողովրդականութիւն կը վայելէ եւ այնքա՛ն բազմաթիւ տուելաներ ունի ուռճանալու, որ արդէն անոր հարստութիւնը 2 միլիառէն 4 միլիառ տոլարով կը գնահատուի Միացեալ Նահանգներու թուային արհեստագիտութեան կեդրոն` Սիլիքոն Վալիի արհեստագիտական շրջանակներուն կողմէ: Շատ աւելի բարձր գինով կը գնահատուի ՈւաթցԱփը, որ իր շահը կ՛ապահովէ տարեկան բաժանորդագրութիւններու միջոցով: Կարգ մը մասնագէտներու կարծիքով, ՈւաթցԱփի հարստութիւնը կը հասնի աւելի քան 5 միլիառ տոլարի:

Ընկերային Կապեր Հաստատող
Նոր Ցանցեր

Եւ ի վերջոյ` գլխաւոր պատճառը, թէ ինչո՛ւ պատանիներ եւ երիտասարդներ կը ներգրաւուին դէպի բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններ, այն է, թէ անոնք միայն երկտողեր փոխանակելու չեն ծառայեր, այլ նաեւ ընկերային կապեր հաստատող ցանցեր են:

Լաւագոյն օրինակները կու գան Ասիայէն, ուր կը գործեն ՔաքաօԹոքը (Հարաւային Քորէա), ՈւիՉաթը (Չինաստան) եւ ԼԱՅՆ-ը (Ճափոն): Տասնեակ միլիոնաւոր անձեր կը գործածեն զանոնք: ՈւիՉաթ կը հպարտանայ աւելի քան 200 միլիոն յաճախորդներով: Բոլորն ալ իրենց սպասարկութիւնները երկտողերու փոխանակումէն անդին տարած են եւ կ՛ընդգրկեն խաղեր, փակցանկարներ (սթիքըր), իրարու միջեւ երաժտութիւն բաժնելու միջոցներ:

Մի՛ աճապարէք `ըսելու, թէ թուային փակցանկարները անիմաստ են. ԼԱՅՆ մեծ եկամուտ կ՛ապահովէ անոնց վաճառքէն. 2013-ի առաջին չորս ամիսներուն այս ընկերութիւնը արձանագրած է 58 միլիոն տոլարի վաճառք, որուն 50 առ հարիւրը կը կազմէին թուային խաղերը եւ 30 առ հարիւրը` (17 միլիոն տոլար) աւելի քան 8 հազար թուային տարբեր փակցանկարները: Անոնցմէ ոմանք ձրի են, իսկ ուրիշներ 1.99 եւրօ կ՛արժեն, ինչպէս` Սպանիոյ մէջ, ուր ԼԱՅՆ-ի բաժանորդագրուած են 15 միլիոն անձեր: Մարդիկ յաճախ կը նախընտրեն բառերու փոխարէն` փակցանկարներ գործածել իբրեւ արտայայտչամիջոց: ԼԱՅՆ-ի մէկ պատասխանատուն կ՛ըսէ, թէ երբեմն նման փակցանկարներ կ՛օգնեն, որ ամոլներ աւելի արագ հաշտուին վիճելէ ետք, որովհետեւ ներողութիւն ըսելու բազմաթիւ պատկերներ կը տրամադրեն:

Խաղերը շահաբեր այլ աղբիւրներ են: ՔաքաօԹոք, որ կ՛ենթադրուի, թէ գոյութիւն ունի Հարաւային Քորէայի խելացի հեռաձայններուն 90 առ հարիւրին վրայ, իր բաժանորդներուն կը տրամադրէ աւելի քան 100 խաղեր, զորս անոնք կրնան խաղալ իրարու հետ կամ` առանձին, եւ որոնք աւելի քան 311 միլիոն տոլարի վաճառք արձանագրած են 2013-ի առաջին կէսին:

Կ՛արժէ նշել, թէ երբ նման սպասարկութիւններ նաեւ կ՛ընձեռեն խաղեր, փակցանկարներ եւ առիթ կու տան երաժշտական քլիփեր փոխանակելու, հետզհետէ աւելի անհեթեթ կը դառնայ զանոնք երկտողերու փոխանակումի ծառայող սպասարկութիւն կոչելը: «Կարելի է զանոնք կոչել ընկերային զրոյցի սպասարկութիւններ,- կ՛ըսէ բջիջային հեռաձայններու հետ առնչուած երեւոյթներու մեկնաբան Պրայըն Պլօ:- Մարդիկ երբեմն 3 կամ 4 նման սպասարկութիւններ կը գործածեն»:

Ո՞վ Կ՛ապրի, Ո՞վ Կը Մեռնի,
Ո՞վ Կը Բարգաւաճի

Յաւելեալ սպասարկութիւններ ընձեռելու մրցակցութեան մէջ բացառութիւն է ՈւաթցԱփը: Անոր հիմնադիրը` Եան Քում հրապարակաւ յայտարարած է, թէ որեւէ նպատակ չունի խաղեր տրամադրելու: ՈւաթցԱփի մէկ այլ հիմնադիրը` Պրայըն Աքթըն նոյնպէս կը հաւատայ, թէ անիկա զուտ հաղորդակցութեան ծառայող սպասարկութիւն մըն է, զոր պէտք չէ ծանրաբեռնել յաւելեալ սպասարկութիւններով, որոնք կրնան դանդաղեցնել զայն: «Ֆէյսպուք այս վիճակին մատնուած է այժմ,- կ՛ըսէ ՈւաթցԱփի առեւտրական բաժնի պատասխանատուն:- Անիկա կը փորձէ ամէն տեսակ ծառայութիւն մատուցել իւրաքանչիւր անձի: Մեր հիմնական նպատակը հաղորդակցութիւնն է»:

Ասիկա քիչ մը պահպանողական մօտեցում մըն է, բաղդատած` այլ սպասարկութիւններու, սակայն ՈւաթցԱփ կը շարունակէ լուռ ընդարձակուիլ: Անիկա վերջերս Ֆէյսպուքի նման սկսաւ առիթ տալ իր բաժանորդներուն, որ իրենց անունով կարծիքներ արտայայտեն կայքերու մասին կամ նշեն, թէ «կը սիրեն» զանոնք: Ծրագիրը տակաւին նոր սկսած է գործադրուիլ, սակայն, երբ Միջին Արեւելքի մէջ համացանցի վրայ երաժշտութիւն սփռող սպասարկութիւն մը ՈւաթցԱփի ճամբով երաժշտական կտորներ փոխանակելու միջոցը տրամադրած է, զարմանքով ի յայտ բերած է, թէ մարդիկ 50 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի մեծ թիւով երգեր կը բաժնէին ՈւաթցԱփի ճամբով, քան` Ֆէյսպուքի:

Նման սպասարկութիւններու ապագան տակաւին անորոշ է: Ոմանք կը նախատեսեն, թէ համացանցի մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս` Կուկըլ, հաւանաբար հսկայական գումարներով պիտի գնեն զանոնք: Ֆէյսպուք եւ Ափըլ ունին երկտողեր փոխանակելու ծառայող իրենց սեփական սպասարկութիւնները, որոնք թէեւ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, սակայն զուրկ են ասիական սպասարկութիւններու մատուցած խաղերէն: Նաեւ դժուար է երեւակայել, թէ անոնք օր մը միանան ստեղծելու համար Ֆէյսպուքի չափ հսկայ ընկերային հաղորդակցութեան համաշխարհային ցանց մը:

«Կը նկատենք, թէ պատկերը աշխարհագրական է,- կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող Փինկըր սպասարկութեան տնօրէն Կրեկ Վուք:- Մենք կը տիրապետենք Միացեալ Նահանգներու մէջ, ՈւաթցԱփը` Եւրոպայի, ԼԱՅՆ-ը` Ճափոնի»: Չինաստանի ՈւիՉաթը կը փորձէ բացուիլ աշխարհին:

Ո՞վ կ՛ապրի, ո՞վ կը մեռնի, ո՞վ կը բարգաւաճի: Պատասխանը կախեալ է նման սպասարկութիւններու ապահոված շահէն: Սնափչաթ տակաւին չէ յաջողած բացատրել, թէ ինչպէ՛ս պիտի գոյատեւէ: ՈւաթցԱփ կ՛ըսէ, թէ արդէն շահ կ՛ապահովէ իր տարեկան բաժնորդագրութիւններէն: Փինկըր ապաւինած է ծանուցումներու, ՈւիՉաթ, ԼԱՅՆ եւ Քիք կը վաճառեն փակցանկարներ եւ խաղեր: Այս սպասարկութիւններէն ոմանք օր մը պիտի դադրին նորաձեւութիւն ըլլալէ, ուրիշներ պիտի ձախողին: Ամէն պարագայի` բոլորն ալ հեռու են Ֆէյսպուքի նման կայսրութեան մը վերծուելու հեռանկարէն. 2013-ի վերջին 4 ամիսներուն Ֆէյսպուք արձանագրած է 2.1 միլիառ տոլարի վաճառք:

Սակայն կասկած չկայ, թէ միլիոնաւոր պատանիներ հետզհետէ աւելի պիտի գործածեն բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու ծառայող սպասարկութիւններ, եւ տարիքով աւելի մեծ անձեր պիտի հետեւին անոնց: Հաւանական է, որ ասիկա պատահի Ֆէյսպուքի հաշուոյն:

(Յապաւուած)

 

Բջիջային Հեռաձայնով Երկտողեր Փոխանակելու
Ծառայող Առաջնակարգ Սպասարկութիւններ

Ուաթցափ

Հիմնուած է 2009-ին` Եահուի նախկին բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ: Խելացի հեռաձայներով երկտողեր փոխանակելու ծառայող այս սպասարկութիւնը օրական աւելի քան 10 միլիառ երկտողեր տեղ կը հասցնէ: Աշխարհի տարածքին աւելի քան 250 միլիոն անձեր կը գործածեն զայն: ՈւաթցԱփ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող վճարովի սպասարկութիւններէն մէկն է, որ նաեւ վտանգ կը սպառնայ երկտողեր փոխանակելու համար գիներ սահմանած բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու:

Սնափչաթ

Առիթ կու տայ, որ մարդիկ ուղարկեն «միայն մէկ անգամ դիտուող» լուսանկարներ: Զանոնք ուղարկող անձը կրնայ որոշել, թէ անոնք որքա՛ն երկար կրնան մնալ ստացողին հեռաձայնի գործիքին մէջ: Այս ընկերութեան հարստութիւնը կը գնահատուի 800 միլիոն տոլարով: Օրական աւելի քան 350 միլիոն երկտողեր կը փոխանակուին անոր միջոցով (անոնց թիւը 200 միլիոն էր 2013-ի յունիսին):

Ուիչաթ

Ընկերային հաղորդակցութեան կապերու ծառայող չինական սպասարկութիւն մը, որուն միջոցով կարելի է ուղարկել երկտողեր, լուսանկարներ եւ իմոթիքոններ: Բաժանորդներուն թիւը կը հասնի աւելի քան 200 միլիոնի: Անոնց մեծ մասը Չինաստանէն է, թէեւ սպասարկութիւնը բաժանորդներ ունի նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ: Կը նկատուի թուային միջոցներով ընկերային կապեր հաստատելու ծառայող չինական առաջին սպասարկութիւնը, որ համաշխարհայնանալու կարողականութիւնը ունի:

Քաքաօթոք

Բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու քորէական սպասարկութիւն մը, որ 2012-ին ապահոված է 42 միլիոն տոլարի շահ: 2013-ի վերջաւորութեան անիկա տեղ կը հասցնէր օրական 4.8 միլիառ երկտողեր:

 

Share this Article
CATEGORIES