Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին 2013 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն
Ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին, «Ամին» ճաշարանին մէջ (Ֆիատիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպած 2013 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Ուատիհ Ապսի:
Ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Ուատիհ Ապսիի ներկայացուցիչը Ղասսան Նատտաֆ, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Տը Շատարեւեան, տարբեր ֆետերասիոններու, ակումբներու եւ միութիւններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Մարզիկներուն անունով ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի ախոյեան Մէյսա Պըսէյպես, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս մարզաձեւին գծով իրենց ցուցաբերած հոգածութեան գծով:

Սելիմ Հաժ Նիքոլա (PROFOTO)

Ժան Համմամ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա Իր խօսքը ուղղելով մարզիկներուն ըսաւ, որ անոնք Լիբանանի գանձն են: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ ի մասնաւորի մարզական լրագրողներուն, որոնք միշտ կ՛ըլլան ֆետերասիոնին կողքին եւ անոր ձայնը լսելի կը դարձնեն բոլորին:
Ժան Համմամ իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան կարգ մը անձնաւորութիւններու:

