Սէուտական Արաբիա Արտասահմանի Տագնապներուն Մասնակից Իր Քաղաքացիները Պիտի Պատժէ 3-20 Տարուան Բանտարկութեամբ

saudi-lawՍէուտական Արաբիա որդեգրեց օրէնք մը, ըստ որուն, կրօնական ծայրայեղական հոսանքներու պատկանողները, այդպիսի հոսանքներուն նիւթական կամ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերողները կը դատապարտուին երեքէն քսան տարուան բանտարկութեան:

Երեքէն քսան տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուին նաեւ անոնք, որոնք արտասահմանի մէջ զինեալ տագնապներու կը մասնակցին:

Կազմուած է Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց, արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յանձնախումբ մը` ծայրայեղական հոսանքներու ցուցակի մը պատրաստութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )