Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Համախմբող Կառավարութիւն Մը
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները երէկ գումարեցին իրենց ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է կազմել համախմբող կառավարութիւն մը` նկատի ունենալով, որ երկրին ապահովական իրավիճակը դարձած է մտահոգիչ եւ կ՛ուղղուի դէպի իրաքացում:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքը կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեամբ ամբողջացնելու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու առաքելութիւնը, նախ եւ առաջ` նախագահական ընտրութիւններ կատարելը:
Նիստին ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումը եւ կոչ ուղղուեցաւ բանակին պաշտպանելու Լիբանանի սահմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ արգիլել ականուած ինքնաշարժներու, զինեալներու եւ զէնքի ու զինամթերքի Լիբանան մուտքը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կտրականապէս մերժեց լիբանանցիները եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններ հարուածելու իսրայէլեան սպառնալիքները` շեշտելով, որ այդ սպառնալիքները խախտում կը նկատուին նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին:

