Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պիտի Ժամանէ Լիբանան
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էմմա Պոնինօ, այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Պէյրութ:
Կը նախատեսուի, որ Պոնինօ հանդիպումներ ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ:
Չորեքշաբթի, 5 փետրուարին, Պուսթրոս պալատին մէջ Մանսուրի հետ տեղի ունենալիք հանդիպումէն ետք, Պոնինօ եւ Մանսուր մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարութիւններ պիտի կատարեն:
Կը նախատեսուի, որ Պոնինօ ուղղուի նաեւ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իտալական զօրամասը, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունենալու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ: