Շիրակ Հաստատուեցաւ Կլենտէյլի Մէջ
Երէկ` երկուշաբթի, 3 փետրուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Շիրակ, ժամանելով Միացեալ Նահանգներ, հաստատուեցաւ Քալիֆորնիոյ ամէնէն հայաբնակ քաղաքը` Կլենտէյլ, ուր պիտի մնայ մէկ շաբաթ:
Գիւմրեցիներուն Միացեալ Նահանգներ հասնիլը տեւեց գրեթէ մէկ օր: Խումբը նաեւ մեկնեցաւ Մոսկուա, ուրկէ ուղեւորուեցաւ Լոս Անճելըս: Հոն, օդակայանին մէջ, 30 անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը շուրջ 2,5 ժամ անցուց` անձնագիրներու ստուգումի համար:
Օդակայանին մէջ Շիրակը դիմաւորելու եկած էին տասնեակ մը ֆութպոլասէրներ: Ապա խումբը մեկնեցաւ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկը:
Այսօրուընէ սկսեալ Վարդան Փիչաքճեանի կազմը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ 8 փետրուարին տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումին:
CATEGORIES Մարզական

