Ռոնալտօ 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 3 մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (1-1) կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Բացի ատկէ, ան 1200 եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ, իսկ անոր ակումբը` 1050 եւրօ:
Անոր ստացած այս կախակայումը միայն կը վերաբերի «Լա լիկա»-ի մրցումներուն:
Նշենք, որ Ռոնալտօ, որ երէկ կը տօնէր իր ծննդեան 29 տարեդարձը, բաւական լաւ նուէր մը ստացաւ ֆետերասիոնէն:
CATEGORIES Մարզական

