Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Միջազգային Ճանաչում Չունեցող Հանրապետութիւններու Աշխարհի Ախոյեանութեան
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կ՛անդրադառնայ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականին մասնակցութեան` միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութիւններու աշխարհի ախոյեանութեան:
Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը 2012-ին իր պատմութեան առաջին մրցումը կատարեց` իր դաշտէն դուրս կատարուած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատելով Աբխազիոյ դէմ (1-1): Մէկ ամիս ետք, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումին, արցախցիները յաղթեցին նոյնինքն Աբխազիոյ` 3-0 արդիւնքով:
Այժմ, Արցախի հաւաքականը կը նախապատրաստուի իր նորամուտը նշել միջազգային ախոյեանութեամբ:
ConIFA-ի կազմակերպած ֆութպոլի աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութիւններու հաւաքականները:
Այս գծով, իր ընթերցողներուն յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով, ArmSport.am ունեցաւ հարցազրոյց մը Արցախի հաւաքականի մարզիչ Սարգիս Աղաճանեանի հետ:
Աղաճանեան ի միջի այլոց ըսաւ.
«Երբ մենք 2012-ին բարեկամական մրցում կը կատարէինք Աբխազիոյ դէմ, չէինք ճանչցուած ConIFA-ի կողմէ: Սակայն աւելի ուշ անոր անդամակցելու առաջարկ ներկայացուցինք: Անոր կողմէ եկած հրաւէրէն ետք, անդամակցեցանք եւ ախոյեանութեան մասնակցելու հրաւէր ալ ստացանք: Համապատասխան փաստաթուղթերը, արդէն իսկ ուղարկած ենք, եւ կը կարծեմ, որ մինչեւ այս ամսուան վերջը կը յստականայ մրցաշարքին կայացման վայրը եւ անոր ժամանակացոյցը: Մրցաշարքին պիտի մասնակցին 12 խումբեր եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ այս ամրան ընթացքին` Զուիցերիոյ մէջ:
«Մհեր Աւանէսեանի հետ միասին խումբը կը մարզենք: Նախորդ յունուարէն ի վեր ամէնօրեայ փորձեր կը կատարենք Ստեփանակերտի մէջ: 5-7 ապրիլին պիտի ըլլանք Երեւանի մէջ, ուր Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հաւաք պիտի կատարենք: Կը մտադրենք քանի մը բարեկամական մրցում կատարել Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող խումբերուն հետ:
«Մեր խումբը կազմուած է երիտասարդ մարզիկներէն: Ամէնէն տարեցը 24 տարեկան է: Ունինք երկու մարզիկներ, որոնք փորձառական շրջան մը կ՛անցընեն Գանձասարի հետ: Անոնցմէ մէկը գրաւած է Փիւնիկի ուշադրութիւնը: Ան երկու տարիէ ի վեր կը հրաւիրուի մաս կազմելու Փիւնիկին, բայց ընտանեկան պատճառներով ան կ՛ուզէ մնալ Արցախի մէջ:
«Ներկայիս Արցախը ունի 8 շրջան, եւ անոնք բոլորն ալ ունին 16 տարեկանէն վար խումբեր: Արցախի ախոյեանութեան կը մասնակցին այս խումբերը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտը ներկայացնող 2 խումբեր: Նշեմ, որ կը գտնուի նաեւ Արցախի ակումբը, որ ունի 5 խումբ:
«Արցախի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ունի իր պիւտճէն եւ ատոր շնորհիւ կը ծրագրենք մասնակցիլ այդ մրցաշարքին: Կը կարծեմ, որ աջակցութիւն կը ստանանք նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանէն, որ միշտ ալ կ՛օգնէ մեզի»:

