Ազրպէյճանի Մէջ Ընդդիմադիր Գործիչ Մը Ձերբակալուած Է` Նախագահը Վիրաւորելուն Համար
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս ազատ արձակուած ընդդիմադիր գործիչ Ռասուլ Մուրսալով դարձեալ ձերբակալուած է:
Մուրսալով հեռաձայնով իր հերթական ձերբակալութեան մասին տեղեակ պահած է իր ընկերոջ` Պահրուզ Հասանովին:
Ըստ անոր, ոստիկանները զինք բռնած են փողոցը: Իր ձերբակալութեան պատճառներուն մասին հարցումին ոստիկանութեան աշխատակիցները պատասխանած են, որ ան վիրաւորած է պետականութիւնն ու նախագահը:
CATEGORIES Միջազգային

