CONIFA-ն Մերժեց Ազրպէյճանի` Արցախը Հեռացնելու Պահանջքը
Ինչպէս ծանօթ է, որ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը, մտադիր է իր նորամուտը նշել միջազգային ասպարէզին մէջ, միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութիւններու աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ամրան ընթացքին, CONIFA-ի հովանիին տակ:
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նամակ մը յղած է ՖԻՖԱ-ին, Շուէտի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ CONIFA-ին, պահանջելով արգիլել Արցախի հաւաքականին մասնակցութիւնը այս մրցաշարքին:
CONIFA` մերժելով Ազրպէյճանի այդ պահանջը, իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է հետեւեալը.
«Մենք կը կարծենք, թէ երկրագունդի որեւէ տեղ ապրող մարդիկ իրաւունք ունին ներկայացնելու իրենց սեփական մշակոյթը: Այս մէկը նկատի առնելով եւ այլ տարբերակ չունենալով, կտրուկ կերպով կը մերժենք Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին այդ պահանջը»:

