Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընկերովի աշխատանք մը իրագործելու ծրագիր մը ունիք: Նախօրօք լաւ ուսումնասիրեցէք ծրագիրին պայմանները եւ ձեր կարողութիւնը, որպէսզի բնական եւ հանգիստ ընթացք ունենայ աշխատանքին արդիւնքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրախ առիթով մը ներկայ պիտի գտնուիք ընթրիքի սեղանի մը շուրջ, ուր պիտի ունենաք հոգեկան խաղաղութիւն` ներկայութեամբ ձեր սիրած անձերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամութեան սիրոյն մի զոհէք ձեր իրաւունքը ճշմարտութեան սահմանին մէջ: Մնացէք ձեր իրաւունքին տէրը, առանց յետաձգելու կամ մոռնալու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ակնկալութիւններ ունիք ձեր գործին վերաբերեալ, բայց մի կարծէք, թէ մոռցուած է ձեր ներկայութիւնը: Քիչ մը եւս համբերեցէք, եւ հարցը կը կարգադրուի ամենայն ճշգրտութեամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ուտելիքներուն ուշադիր եղէք, կերէք առողջապահական ճաշեր: Կարեւորութիւն մի՛ տաք ձեզի անծանօթ ճաշերու, որպէսզի ձեր ստամոքսը հանգստանայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ներկայ եղէք գեղարուեստական երեկոյի մը, ուր պիտի տեսնէք ձեր ճաշակը գոհացնող արուեստի նմուշներ, որոնք նոր ներշնդում պիտի տան ձեզի` ձեր ստեղծագործական տրամադրութիւնը ոգեւորելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ դատեր, որ չդատուիս». այս իմաստութիւնը կու գայ Աստուածաշունչէն, ուրեմն արագ կարծիք մի տաք ձեր շուրջ կատարուող ընկերային հարցերու մասին: Իմաստութիւն կը պահանջուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ մոռնաք ընկերային կամ ազգականական ձեր պարտաւորութիւնները, որոնք կը վերաբերին փոխադարձ յարգանքով ստեղծուած կապին: Յիշէ «Յարգէ, որ յարգուիս» իմաստուն խօսքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ունիք պայմանաւորուած մուրհակներ, այսօր հետաքրքրուեցէք այդ գծով, որպէսզի յապաղում մը չարձանագրուի ի վնաս ձեզի, նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզի փոխանցուած գաղտնիքը պահեցէք ձեր մտքին մէջ, նոյնիսկ մոռնալ ձեւացուցէք, որպէսզի անգիտակցաբար ձեր բերնէն բան մը դուրս չելլէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ մոռնաք այսօրուան ձեր ժամադրութիւնը, զոր կարեւոր չէք նկատեր, բայց ձեր բացակայութիւնը նկատի կ՛առնուի: Կատարեցէք ձեր ընկերային պարտականութիւնները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկար բարակ մի՛ մտածէք որոշում մը իրագործելու համար: Այո կամ ոչ պատասխանեցէք, որպէսզի ձեր վրայ դրուած յոյսերը յստականան դրական ձեւով:

