Սուրիական Հակամարտութեան Մասնակից Ազրպէյճանցիները

azz«Պատերազմի եւ խաղաղութեան միջազգային տեղեկագրութիւն»-ը (IWPR) կը գրէ, թէ յայտնի դարձաւ, որ սուրիական հակամարտութեան մասնակից օտար զինեալներուն շարքին են ազրպէյճանցի քաղաքացիներ: Տեսերիզները ընդդիմադիր ուժերուն շարքին ցոյց կու տան ազրպէյճանցիներ, որոնց շարքերուն մէջ կորուստներ արձանագրուած են:

Անոնց մեծամասնութիւնը կը թուի Ազրպէյճանի սիւննի փոքրամասնութեան անդամներ ըլլալ, եւ անոնք իսլամական արմատական միլիսներու կ՛անդամակցին:

Ժիհատականներու յատուկ կայքէջեր կը հաղորդեն, որ Ասատի կառավարութեան դէմ կռիւներուն ընթացքին Ազրպէյճանի առնուազն 100 քաղաքացիներ սպաննուած են:

Վերջերս սպաննուածներէն մէկն էր հիւսիսային Ազրպէյճանի Կուսար քաղաքէն 18-ամեայ Միժաթ Սէյֆուլլայեւը, որ Սուրիա մեկնելով սիւննի իսլամական «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորման անդամակցելէ առաջ` Կիպրոսի մէջ կ՛ուսանէր:

Համալսարանի մէջ Սէյֆուլլայեւի դասընկերներէն Պահաէտտին Ալիեւ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ` «սկիզբը Նիժաթ պարզապէս սովորական անձ մըն էր, սակայն առաջին կիսամեակի աւարտին ան սկսաւ մօրուք ձգել: Կը թուի, թէ ան կապ հաստատած է ուահապականներու հետ (սիւննի արմատականներ): Ապա սկսաւ մզկիթին մէջ քնանալ… եւ օր մըն ալ ան պարզապէս անյայտացաւ, եւ մենք չգիտցանք, թէ ո՛ւր գնաց: Երբ իր լուսանկարը եւ տեղեկագրութիւնը տեսանք, զինք ճանչցանք»:

Նաժաֆ Քարիմով, որ միայն 14 տարեկան էր, իր կարգին այս ամիս մահացաւ: Ան Նախիջեւանի Շարուր շրջանէն էր: Անոր հօրաքոյրը` Կոնել Պապայեւա IWPR-ի հաստատեց անոր մահը` յայտնելով, որ ան իր հօր կողքին «Ժէյշ ալ մուհաժիրին ուալ անսար» խմբաւորման շարքերուն մէջ կը կռուէր:

IWPR-ի մէկ լրագրողը, որ գործով Սուրիա կը գտնուէր նկատեց, որ ընդդիմութեան կողքին կռուող ազրպէյճանցիները գլխաւորաբար մաս կը կազմեն «Ժապհաթ նուսրա»-ի կամ «Ժէյշ ալ մուհաժիրին ուալանսար»-ի: Վերջինս կազմուած է օտարներէ, եւ ազրպէյճանցի կամաւորները նոյնիսկ Ապու Եահիա Ազերի ծածկանունով իրենց յատուկ հրամանատարը ունին: Կը հաղորդուի, որ ան վերջերս սպաննուած է:

Ազրպէյճանցի զինեալները ընդհանրապէս կը գտնուին Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ: Ասոր պատճառը մասամբ այն է, որ անոնց լեզուն ու սովորութիւնները տեղւոյն սուրիացի թիւրքմէններուն լեզուին ու սովորութեանց նման է, եւ` մասամբ, որովհետեւ այդ քաղաքները Թուրքիոյ սահմանին մօտ են, ուստի Սուրիա նոր հասնողներուն համար աւելի հասանելի են:

Պաքուի մէջ Արեւելք-Արեւմուտք հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արասթուն Օրուճլու IWPR-ի յայտնեց, որ անգամ մը, որ զինեալները սկսին Ազրպէյճան վերադառնալ, անոնք կրնան նկատառելի խնդիրներ ստեղծել:

«Այս զինեալ խմբաւորումներուն անդամ երիտասարդները օտար երկիրներու գործակալներու կողմէ լաւ մարզուած են: Անոնք յատուկ գործողութիւններու համար կ՛օգտագործուին: Անոնց Ազրպէյճան վերադարձը սովորական տուն դարձ մը պիտի չըլլայ», ըսաւ Օրուճլու:- «Կը կարծեմ, որ եթէ վերադառնան, պիտի գան յատուկ նպատակներով, որոնք կը կասկածիմ, թէ խաղաղ պիտի ըլլան: Պէտք է այդ մասին հիմա մտածենք, որպէսզի հետագային սուղ գին չվճարենք»:

Ազրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեան` ազգային ապահովութեան նախարարութեան նախկին անդամ Իլհամ Իսմայիլ սիւննի ժիհատական զինեալները երկրին ուղղակի սպառնալիք մը կը նկատէ, որովհետեւ անոնք կրնան ջանալ իսլամական պետութիւն մը ստեղծել: «Այդ մարդիկը, այդ արմատական իսլամականները երբեմն փորձած են ահաբեկչական արարքներ գործել եւ Ազրպէյճանի մէջ փոքր տարողութեամբ դէպքերւկ մասնակցած են,- ըսաւ ան:-  Ազրպէյճանցի քաղաքացիները Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա կ՛անցնէին անձնական նախաձեռնութեամբ: Սակայն հիմա այդ հոլովոյթը կը վերահսկուի որոշ անհատներու կողմէ եւ կազմակերպուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ` պէտք է լուրջ հասարակական կրթութեան աշխատանք տանինք: Եթէ հարկ ըլլայ, ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու դէմ պայքարի ձեւերը պէտք է կիրարկենք»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )