ԹՈՒՐՔԻԱ- ՍՈՒՐԻԱ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՍՐԻ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ սահմանին մօտ սուրիական ուժերու կուտակման լոյսին տակ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ «Տաւութօղլու Մոալլեմին հեռաձայնեց եւ անոր հետ քննարկեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ արձանագրած շարժումները, Սուրիոյ վերջին զարգացումներն ու սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացիներուն Թուրքիա մուտք գործելը»: Հեռաձայնային այս հաղորդակցութենէն ետք, Անգարայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նիտալ Քապալան կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր վերջին զարգացումներուն մասին բացատրութիւն տուած է:

Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ Տաւութօղլու հեռաձայնած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի եւ անոր հետ քննարկած «շրջանի վերջին զարգացումները եւ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները»:

Յիշեցնենք, որ սուրիական ուժեր հինգշաբթի օր համախմբուեցան Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ եւ սահմանէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ զրահապատ մեքենաներ ու զինուորներ տեղակայեցին: Անոնք նաեւ Խըրպըթ Ժոզի շրջանին մէջ հսկողութեան կէտի մը վրայէն վար առին նախապէս գիւղացիներուն կողմէ բարձրացուած թրքական դրօշը:

Թրքական լրատուամիջոցներ Թուրքիա-Սուրիա լարուածութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին: «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ զօր. Ասլան Կիւներ եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ այս հարցին շուրջ հանդիպում մը ունեցած են: «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական ուժերու Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ կուտակումին զուգահեռ, թրքական բանակը եւս սահմանին վրայ ուժեր համախմբած է, իսկ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ թուրք զինուորներուն հրամայուած է իրենց սաղաւարտները կրել: Օրաթերթը իր «Ասատ չափը կ՛անցընէ» խորագիրը կրող լրատուութեան մէջ նաեւ կը նշէ, որ Անգարա սահմանին վրայ սուրիական ուժերու կուտակումին հարցով զգուշացուցած է Դամասկոսը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին Սուրիան զգուշացուցած էր Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ ուժեր կուտակելու հետեւանքէն:

Նշենք, որ թրքական «Սապահ» օրաթերթը հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ 2 քիլոմեթր խորութեամբ եւ 15 քիլոմեթր երկայնքով ապահովական գօտի մը ստեղծելու:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտի` սուրիական իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներէն լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած է, որ ամերիկացի դեսպանը աշխատանք կը տանի գտնելու Ասատի եւ ընդդիմութեան միջեւ փոխզիջումային լուծում մը, «որ սկիզբ կ՛առնէ բարեփոխումներէն ու իշխանութեան բաժնեկցութենէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան հաստատումէն»:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Սիւզըն Ռայս լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ «այլեւս ժամանակն է, որ Ապահովութեան խորհուրդը յստակօրէն իր սկզբունքներուն հիմամբ խօսի: Մենք ուժեղ կերպով կը զօրակցինք (Սուրիան դատապարտող) բանաձեւին»: Ան աւելցուց, որ «Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է մէկ ձայնով խօսի եւ յստակ կերպով դատապարտէ սուրիական կառավարութեան կատարած անպատասխանատու եւ անընդունելի արարքները»:

 

Share this Article
CATEGORIES