Գիրք, Ուր Հեղինակն Ու Ընթերցողը Կը Միանան

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Ինծի համար անակնկալ էր, երբ ստացայ  Վրէժ-Արմէնի հեռաձայնային զանգը: Կը խնդրէր, որ ներկայացնեմ իր «Իմ ուղեպատումը» հատորը: Ինչո՞ւ ես: Վրէժ-Արմէնը ծանօթ է բոլորիս իբրեւ մտաւորական, խմբագիր, կուսակցական, սակայն իմ անմիջական կապս իրեն հետ, կ՛ենթադրեմ, կեանքի պայմաններու բերումով, եղած է սահմանափակ: Բաւական խոկացի: Որոճացի: Գրադատ չեմ. խմբագիր չեմ եղած: Ինչ որ է… Մտածեցի հարցնել, թէ ինչո՞ւ ե՛ս, ապա վարանեցայ`արժանապատուութեան եւ ամչկոտութեան խառն զգացումներու իբրեւ արդիւնք: Ինքնարդարացման կարճ շրջան մը յաջորդեց: Հոգեբաններ շատ չկան, ես ինծի ըսի, բայց ամէն մարդ ալ կը խօսի հոգեբանի պէս: Վերջ ի վերջոյ միակ բանը իրեն հարց տալ  էր, թէ արդեօք ի՞նչ է  ինձմէ ակնկալուածը: Վրէժ-Արմէնի մեղմ, սակայն կտրուկ պատասխանը եղաւ. «Վստահ եմ, լաւ բան մը պիտի ընես»: Ընտրեց պատասխանել առանց  պատասխան տալու:

Թելադրող էր թերեւս այս փոխանակումը հեղինակին հետ: Առաջին հերթին անկեղծ էր` առանց յաւակնութեան հետքերու: Երկրորդ` իր պատասխանը կարծես զինք մատնեց, վաղանցիկ լոյս մը սփռելով այս աշխարհին մէջ իր phenomenological (phenomenologique) կամ երեւութաբանական դիրքին վրայ: Հաղորդակցութեան մէջ կար անմիջականութիւն, փորձառութեան սուր գիտակցութիւն, ըսենք փորձառական գիտակցութիւն, ուր մարդը պարզուող երեւոյթներու լոկ հանդիսատեսը չէ, այլ այդ փորձառութիւններու թէ՛ հեղինակը, եւ թէ ալ հետեւանքները կրողը: Այսինքն`աշխարհայեացք մը, ուր կարելի կը դառնայ բարձր գիտակցութեամբ ըմբոշխնել չսահմանուող փորձառական պահերը: Սարթրի ոճով թերեւս, եւ արուեստագէտի հայեացքով, Վրէժ-Արմէնի ըսածը այն էր, որ սահմանելով իմ ըսելիքներուս յարաչափերը, մահուան դատապարտուած պիտի ըլլար իր ուրոյն կեանքը ստացած, շնչող այս գործը:

Հիմա կրնանք մտածել, թէ ինչպէ՞ս քանի մը վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային խօսակցութենէ մը այսպիսի մեկնաբանութիւններ կրնամ ընել: Լայն հարթութեան վրայ, «Իմ ուղեպատումը»-ի ընթերցումիս առաջին հակազդեցութիւնս այն էր, որ մտերմիկ, գերանկեղծ պատմուածք է, ուղեւորութեան մը համայնապատկերը, որուն իմաստը նոյն այդ ուղեւորութեան մէջ կը կայանայ, եւ ոչ անպայման ժամանումին մէջ: Բարեկամս` Գէորգ Պետիկեանը,  ճիշդ է, երբ կ՛ըսէ. «Այս երկին մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր էջի գրութիւնը խոր վերլուծումներու չի կարօտիր»: Հետեւաբար, պարտիմ զգոյշ ըլլալ, որ պատուանդանին վրայ բազմած, օտարող վերլուծումներ չընեմ այստեղ: Սակայն իբրեւ ընթերցող պէտք է հայեացք մը նետել հոգեզգացական այն լարերուն վրայ, որոնք թրթռացին` հեղինակի հրաւէրով մասնակցելով այս ուղեկցութեան: Եւ անմիջականութեան այն զգացումը, որ համակեց զիս հեռաձայնային մեր կարճ խօսակցութեան ընթացքին, նաեւ վերակամարող ոճն էայս 320 էջերուն մէջ: Հեղինակը պատմիչ չէ հոս: Էջերուն մէջ ապրող անձնաւորութիւն է, որուն անմիջական ներկայութիւնը ընթերցողը կը զգայ իր մորթին վրայ, ինչ ալ ըլլայ ժամանակագրական հատուածը, որուն մասին կ՛ակնարկէ ան: Հետեւաբար, ընթերցողը ինքզինք անմիջականօրէն կը զգայ այն պահին մէջ, հակառակ անոր որ պահուան սեփականատէրը ինք չէ: Առ այդ, այստեղ անցեալ գոյութիւն չունի, հակառակ, անոր որ ամբողջ կեանքի մը յետադարձ ակնարկն է նետուածը: Անցեալը ներկայ իրավիճակը արտացոլող հայեացքն է միայն, կեանքի ճանապարհին վրայ պատահած այն դէպքերուն, գոյացած այն հանդիպումներուն եւ ընկերութիւններուն, սիրտն ու հոգին շարժող այն պատահարներուն վրայ, որոնք կը լուսաւորեն 70-ամեայ հեղինակը հիմա` ներկայիս:

Այն, ինչ որ չ՛ըսուիր` այնտեղ ալ դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Հետեւաբար, իր գրիչով հեղինակը միաձուլած է անցեալը ներկային եւ ընթերցողը անմիջական հաղորդակիցը կը դարձնէ այդ փորձառութեան: Նոյն ձեւով, չկայ հոն ապագայ: Կան հարազատներ, ուրկէ կը ճառագայթեն ապագայ յոյսերը, վախերն ու իղձերը: Այս իմաստով, իր դստեր` Արազին նկատումը: թէ հինն ու նորը պէտք է շաղկապել` քանդելով ժամանակագրական կարգի պարտադրած սահմանափակումները, ունեցած է կարծես չծրագրուած: սակայն գրաւիչ այս հետեւանքը եւս: Նուաճելու համար ժամանակագրական այս սահմանափակումները, հեղինակի փոխյարաբերութիւնը իր ներաշխարհին հետ պէտք է ըլլայ գերհարազատ, միեւնոյն ժամանակ ձեռք բերած պէտք է ըլլայ բարձր` բիւրեղացած ինքնագիտակցութեան մակարդակ: Վրէժ-Արմէն յաջողած է այս մէկը իրականացնել: Համը գոյացական է: Կեանքի ուղիին պատմութեան մէջ կայ քեմփըսի-ատիպի հարազատութիւն, առանց մութ թախիծին, սակայն ցցուն անկեղծութեամբ: Եւ երբ ճարտարապետը այդպէս կառուցած է շէնքը, ընթերցողը կրնայ միայն իր ուղեւորութեան ուղեկիցը դառնալ: Իր ուղեպատումը կը դառնայ մեր ուղեպատումը: Որովհետեւ փորձուած չէ, ծրագրուած չէ, այլ անկեղծ ու հարազատ, անկար փոխանցում է այս մէկը: Հեղինակն ու ընթերցողը կը միանան առանց որեւէ հետք ձգելու: Ու այսպէս իր պատմութիւնը կը դառնայ մե՛ր պատմութիւնը:

Առօրեայ թոհուփոհին մէջ, մեր առջեւ նետուող անգուշակելի մարտահրաւէրներու բեռին տակ, որքա՜ն դժուար է նայիլ ետեւ, ներկայ մեր դիրքէն, գնահատելու համար, աւելի ճիշդը` հասկնալու համար, թէ ինչերն էին, որ իմաստաւորեցին մեր գոյութիւնը: Նետուած ենք այս աշխարհին մէջ` ակամայ, ապա կ՛անցնինք կեանք մը ամբողջ` փորձելով իմաստաւորել մեր գոյութիւնը-գիտնալով հանդերձ, որ այդ իսկ անիմաստ պիտի դառնայ մեր մահով: Բայց այդ ուրիշ խնդիր …

Իմաստաւորուելու մարդկային այդ բաղձանքի ճամբուն վրայ, արմատ նետելու եւ արմատախիլ ըլլալու երկբեւեռ փորձառութիւնը կարծես մեր ճակատագիրն է: Այս պրկումը` լարուածութիւնը մեզմէ շատերու ինքնութեան կերտումի ճամբուն վրայ առանցքային դերակատարութիւն ունի: Վրէժ-Արմէն, առանց որեւէ տեսական վերլուծումներու, միայն հարազատօրէն իր պատմութիւնը պատմելով, շարժող ներթափանցումով կը հաղորդէ այս պրկումը: Նորէն` առանց փորձելու, անհատականը հնչականութիւն կը գտնէ հաւաքականին մէջ: «Գաղթականի տուն է մերը, չենք գիտեր ե՞րբ կը մեկնինք, բայց արդէն տակնուվրայ եղած ենք թէ՛ տունուտեղով, եւ թէ մտքով ու հոգիով»: Մեզմէ քանիներուն կեանքի պատկերն է եղած սա: Հաստատուած եւ գաղթակա …

Վերընձիւղումը կարծես հաւաքական այլ յատկանիշ մըն է, որ բիւրեղացած է մեր անհատական փորձառութիւններու ճամբով: Վերստին սերմանել, հինը նորին հետ խառնելով, յուսալով, որ անցեալի փորձառութիւնը որոշ պատշաճութիւն մը կ՛ունենայ նորի ձեւակերպման մէջ: Անձկութիւնն ու յոյսը, վախն ու ինքնավստահութիւնը, տուայտանքն ու սէրը իրարու խառնելով կը փորձենք ջրել մեր ստեղծած նոր ակօսը, որպէսզի մեզմէ վերջ եկողները ունենան իրենց ակունքները, որոնց կրնան վերադառնալ մութ օրերուն: Յենարան. իմաստաւորման կռուան …

Հեղինակին համար Քանատան կը հանդիսանայ վերընձիւղման, հաստատման, վերապրումի եւ վերասահմանումի կիզակէտը: Ուղեւորութիւնը անհատական է եւ ուրոյն անշուշտ: Մտերմիկ ու հարազատ ոճով կը նկարագրէ «Փախուստը դէպի նոր աշխարհ», որ խորքին մէջ չունի փախուստ նկատուելու յատկութիւնները, սակայն կը պատէ իր ներաշխարհը փախչողի հոգեվիճակով: Կը յիշէ իր տունը` Գահիրէն, յարկը, որուն տակ կայացած է իր ազգային ինքնութիւնը, փորձառական այնքան հարուստ հարթութեան վրայ, որուն շնորհիւ կարելի եղած է կեանք մը ամբողջ բիւրեղացնել այդ ինքնութիւնը`անյագ եւ ներգործօն մասնակցութեամբ ազգային կեանքի բազմերես աշխատանքներուն մէջ: Հոն պէտք է գտնել հաւանաբար իր նկարագրային գիծերու եւ ինքնութեան բաղադրիչ մասերը: Ընտանիքի մարդ` ինչպէս կը տեսնենք «Ծառը» ենթաբաժանումին մէջ եւ աւելի զգացականօրէն, խորաթափանցներ կայացումով, «Ոստայնս» բաժնին տակ: Իր ընտրած ասպարէզի նկարագրութիւնը եւ այդ ասպարէզին մէջ հաստատուելու փորձառութիւնը Քանատայի մէջ, «Քանատական փորձառութիւն» բաժնին տակ, կը պարզէ ոչ միայն աշխատասէր մարդը, որ  յանձնառու է վերապրելու եւ յաջողելու ինչ որ ալ ըլլան տիրող պայմանները, այլ մէկը, որ իր ինքնութեան մէջ հաւասարակշռուած ձեւով համադրած է գիտութիւնն ու արուեստը եւ այս համադրումը հարազատօրէն վերածած է կեանքը դիմագրաւելու իւրայատուկ ոճի: Մէկ կողմէն ան առարկայական մասնագրողն է, միւս կողմէն գաղափարական խորքը թափանցող խմբագիրն է եւ միեւնոյն ժամանակ` ինչպէս կը տեսնենք «Բնութեան հմայքը» բաժնին տակ, ծառերուն հետ հաղորդուելու, տարբեր եղանակներու լոյսերն ու գոյները խորապէս ըմբոշխնելու կարողութիւնը ունեցող`դիւրաբեկ հոգիով բանաստեղծ/արուեստագէտն է:

Սկսեալ «Կրթական հնոցներ» բաժնէն, Վրէժ-Արմէն կը վերյիշէ ազդեցութիւններն ու փորձառութիւնները, որոնք ի վերջոյ եկած են կազմաւորելու եւ հունաւորելու իր նկարագրի ազգային ինքնութեան հատուածը: Այս պէտք չէ գնահատել իբրեւ անջատ մէկ մասնիկը իր ինքնութեան`, այլ բաժին մը, որ լաւապէս համադրուած է իր էութեան բոլոր ծալքերուն հետ: Կ՛ուզեմ սակայն անոր անդրադառնալ առանձնաբար:

Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, առօրեան երբեմն կը պարտադրէ մեզ դիմելու պատրանքներու, երբ կը գնահատենք մեր ներկան: Կը մղուինք այն ենթադրութեամբ, թէ միշտ եղած ենք ինչ որ ենք հիմա, առանց գնահատելու բոլոր այն փորձառութիւնները, յոյզերն ու երազները, յոյսերն ու հիասթափութիւնները, որոնք եկած են սահմանելու մեր էութիւնը: Հերքումը մեզի կու տայ հակակշիռ ունենալու պատրանքը: Սակայն Վրէժ-Արմէն իր այս երկով, առանց ուղղակի հրաւէր հայցելու, իր պատմութեան ճամբով կը հրաւիրէ նաեւ ընթերցողը վերադառնալ հոն ուր ի՛ր պատմութիւնը քանդակուած է: Նորէն իր մտերմիկ հարազատութեամբ, ընթերցողը կը դարձնէ ուղեկից: Այսպէս, իր ուսուցիչ Գմգմեանով ես` ընթերցողս, վերադարձայ իմ Madame-իս, եւ նոյն Alphonse Daudet-իս. իր Ծաղկունիով զրուցեցի իմ Բատոյեանիս հետ: Չէ՞որ ես ալ ունէի իմ Քրիսեանս, պարոն Գանտահարեանը, որ երբեմն կ’որոշէր ընդհատել երգի դասերը եւ մոգական գաւազանով`փոխադրել մեզ Գէորգ Չաւուշներու, Սերոբ Աղբիւրներու, Հրայր Դժոխքներու փառահեղ լեռները, ուր հայուն արժանապատուութիւնը կը պահպանուէր եւ ազատ ապրելու իրաւունքը կը հաստատուէր: Հեղինակին յիշողութիւնը իր արձագանգը կը գտնէ ընթերցողին կորսուած յուշերուն մէջ` գէթ ժամանակաւորաբար, ներկայի կաշկանդող շղթաները կոտրելով եւ զայն մարդկայնացնելով: Վերջին անգամ  ե՞րբ էիք դարձած պատանի: Երբ էի՞ք զգացած`շատոնց հեռացած ձեր ուսուցիչին, մօրաքին, մեծ հօր շունչը ձեր մորթին վրայ: Իր անկեղծ, հարազատ եւ մտերմիկ ոճով Վրէժ-Արմէնը կը յաջողի ընթերցողին նուիրել յետադարձ  փրուսթեան ճամբորդութիւն, յիշատակներու ընդմէջէն`սրելով անոր երկար ժամանակէ ի վեր ննջող զգայարանները:

Գաղափարական տեսիլքը, հոգեվիճակին ու ներաշխարհին մէջ ներարկուած սփիւռքահայու իւրայատուկ փորձառութիւնը եւ քիչ մը արտառոց` գոյութիւնը, մեզմէ շատերուն նման Վրէժ-Արմէնը եւս մղած է խարսխուած յանձնառութեամբ ներգործօն մասնակցութիւն բերելու ազգային` համայնքային կեանքին: Մէկ խօսքով, կեանքի ընթացքին ուխտել որդեգրելու գործիչի մտասեւեռում: Իւրաքանչիւր դրուագ, իւրաքանչիւր յուշ եւ յիշատակ կու գայ ցոյց տալու, թէ հեղինակը իր կեանքը իմաստաւորած է ազատ ըլլալու բեռը իր ուսերուն վերցնելով, ազգը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ բարձրագոյն գիտակցութիւնը ձեռք բերելով: Ինչո՞ւ ազատութիւնը կամ ազատ ըլլալը կ՛որակեմ իբրեւ բեռ: Խօսքը կը վերաբերի մարդկային ազատութեան: Քիչերն են, որ կ՛անդրադառնան, թէ մարդ արարածին բացարձակապէս ազատ ըլլալու հանգամանքը բեռ է նաեւ, որովհետեւ զայն դէմ յանդիման կը դնէ դիրքորոշուելու, ճիշդ ընտրութիւնները ընելու հրամայականին առջեւ: Վերջին բաժիններու իւրաքանչիւր էջ կու գայ ցոյց տալու, թէ հեղինակը ընտրած է ապրիլ ազատ ըլլալու այս բարձր գիտակցութեամբ: Չկան այդտեղ նախասահմանուած կաղապարներ, որոնք կը ճշդեն ուղղութիւնը կամ ուղղուածութիւնը: Կայ գաղափարական խարիսխ, փորձառական անծայրածիր հարստութիւն եւ անոնցմէ սերած բիւրեղացած գիտակցութիւն: Ահա այս գիտակցութիւնն է, որ կը սահմանէ իր դիրքը` պարզուող հարցերուն դիմաց: Այո՛, կուսակցական է, զինուորագրեալն է անոր տեսլականին եւ սկզբունքներուն, սակայն չկայ վարդապետութեան` տոկմայի նշոյլը իր աշխարհահայեացքին մէջ: Իւրաքանչիւր պատահար, իւրաքանչիւր զրոյց կու գայ ցոյց տալու, թէ հեղինակը առանց հիասթափելու կը մնայ միշտ վերլուծողի, հարցադրողի, քննողի եւ քննադատողի դերին մէջ` խուսափելով լճացման վտանգէն եւ միշտ վերաթարմացնելով իր յանձնառութիւնը ազգակերտման աշխատանքին նկատմամբ: Բոլոր վերիվայրումներուն, ալեկոծումներուն մէջ մէկ բան կը մնայ անփոփոխ.- ներգործոն մասնակցութիւնը` գործոն ըլլալը: Այդ կարծես Վրէժ-Արմէնի էութեան մաս կը կազմէ: Իր ընկերոջ բժիշկ Շաւարշ Քրիսեանին յղած նամակէն, ուր կը շեշտէ գործի մասնակցութեան անյետաձգելիութիւնը` ինչ ալ ըլլան զգացական, մտաւորական կամ բանական տատամսումները, մինչեւ Գրիգոր Ալաջաջեանին իր գրած նամակը, ուր կը բուրէ իր յեղափոխական ոգին, հեղինակի քննական ու քննադատական ձայնը բարձր կը հնչէ, սակայն ան երբեք չի փոխարիներ գործը` որուն միշտ կառչած կը մնայ, ինչ ալ ըլլան տիրող պայմանները: Կարծես Լազեանի «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»-ն, ան դարձուցած է կեանքի նշանաբան:

Եւ ինչպէս որ գիրքին սկիզբը հեղինակը ընթերցողին մօտ կը սրէ արմատ նետելու եւ արմատախիլ ըլլալու մեր ճակատագրական պրկումը, նոյն ձեւով ալ աւելի վերջ կ՛ակնարկէ սփիւռք-Հայաստան տակաւին խմորուող յարաբերութեան: Իտէալական սէր, աննկուն յանձնառութիւն անոր հանդէպ, սակայն անծանօթութենէ բխած, պատմական ճակատագիրէն յառաջացած փոխ-տատամսումներ եւ այլն: Այս իմաստով դիպուկ էր ինծի համար Վրէժ-Արմէնի նամակը ՍիլվաԿապուտիկեանին, 1977-ին, ուր կը յայտնէ իր յուսախաբութիւնը այս վերջինի մակերեսային արտայայտութիւններուն համար` սփիւռքահայու նկարագրային որոշ գիծերու նկատմամբ: Եւ այս ընթերցողին մտածել կու տայ, թէ այսօր, տարբեր պարունակի մէջ, արդեօք չկա՞ն նմանօրինակ պրկումներ: Սփիւռքահայու գրեթէ 100 տարուան ակամայ փորձառութիւնը արդեօք չէ ՞յառաջացուց նոր ինքնութիւն մը, որ այլեւս ժամանակաւոր չէ, այլ վերջնական` իր արժէքներով, իր ներուժով, ազգային նկարագիրի, իր դիմագիծով: Ան Հայաստան հասկացողութեան բնական շարունակութիւնը չէ՞արդեօք: Անհեթեթ չէ՞ Հայաստան-սփիւռք երկհերձ հասկացողութիւնը: Ահա այսպիսի հարցերու եւ հարցումներու առիթը կը ստեղծէ Վրէժ-Արմէնին կեանքի պատմութիւնը:

Կը կարծեմ, թէ ներկայացումիս ընդմէջէն արդէն ընդգծեցի «Իմ Ուղեպատումը» երկին բազմերես արժէքները: Կրնայ ըլլալ, որ ան քոլաժն է (սոսնձում)-Վրէժ-Արմէնի կեանքին, բայց կ՛անցնի շատ աւելի անդին: Իր այդքան անհատական պատմութիւնը կը գտնէ նաեւ իր հնչականութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական պատմութիւններուն մէջ: Հետեւաբար, ընթերցողը մասնակից կը դառնայ ուղեւորութեան եւ անպայմանօրէն տեղ մը իր բաժինը պիտի բերէ անոր ապագայ հոլովոյթին մէջ:

Վերջերս քանի մը հոգիով կը խօսէինք այն գլխագիր ՄԵԾ պատմութեան մասին` Ցեղասպանութիւնը, տարագրութիւնը, համայնքներու ստեղծումը, ազատութեան տենչը, ազատ հայրենիք վերադառնալու երազը, որ եկած է կարծէք միակ վաւերագրութիւնը ըլլալու մեր փորձառութեան: Խորքին մէջ մերը բազմաթիւ փորձառութիւններ են, ուրոյն պատմութիւններ են, նմանօրինակ երանգներով, բայց նաեւ տարբեր: Կ՛ըսէինք, թէ ժամանակը եկած է անհատական պատմութիւնները պատմելու: Հոն կայ արժէք, կայ գանձ, որ տակաւին պէտք է պեղել: Վրէժ-Արմէն ինը ահա այդ կարեւոր աշխատանքին առաջին քայլերէն մէկը կը ներկայացնէ:

 

2014-01-06, Լոս Անճելըս

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )