Հաուայի Մէջ Օրէնսդիրները Մերժեցին Ազրպէյճանի Հովանաւորած Հակահայկական Բանաձեւերը

Hawaii-Rejects-Azeri-LiesՄիացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը յաջողեցաւ կանխել Ազրպէյճանի հերթական հակահայկական սադրանքը: Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգին մէջ, որ նախագահ Օպամայի ծննդավայրն է, օրէնսդիրները մերժեցին Ազրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւերը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը յայտնեց, որ երկու բանաձեւերն ալ կողմնակալ եւ փաստերու տեսանկիւնէն թերի եղած են: «Մենք կը ցանկանք շնորհակալութիւն յայտնել հանդուրժողականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ իրենց նուիրուածութեամբ յայտնի Ալոհա նահանգի ներկայացուցիչներուն` Պաքուի աճպարարական ջանքերը կանխելու իմաստութեան համար: Այսօրուան քուէարկութիւնը հզօր ազդանշան էր, որ Ազրպէյճանի փտած եւ ոչ ժողովրդավար նախագահ Իլհամ Ալիեւ, հակառակ խաւիարային դիւանագիտութեան վրայ վատնած միլիոններուն, չի կրնար ձայներ հաւաքել այնտեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ», նշեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան:

Հաուայի վարչական միաւորի Ներկայացուցիչներու տան վեթերաններու, ռազմական, միջազգային հարցերու եւ մշակոյթի ու արուեստի կոմիտէն երէկուան քննարկումներուն ժամանակ մերժեց երկու հակահայկական բանաձեւեր, զորս ներկայացուցած էր կոմիտէի նախագահ Մարք Թաքէյ:

Անի Մարտիրոսեան

Անի Մարտիրոսեան

Կը նշուի, որ նահանգային ներկայացուցիչ Ռիթա Քապանիլան տեղական «Սիվիլ Պիթ» լրատուամիջոցին յայտնած էր, որ «բանաձեւերը առաջ կը մղուին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի կողմէ»: «Սիվիլ Պիթ» հետագային յայտնած էր, որ նախորդ տարուան մայիսին քոնկրեսական Քապանիլա եւ նախագահ Թաքէյ այցելած են Ազրպէյճան, որուն կառավարութիւնը մօտ 8000 տոլար ծախսած էր օրէնսդիրներու ճամբորդութեան համար:

Քննարկումներուն ժամանակ քննարկումներ ունեցան տեղւոյն հայկական համայնքի անդամներ Արփինէ Ֆիլեան, Արթուր եւ Անի Մարտիրոսեաններ, որոնց ձայնն ալ ազդած էր որոշման վրայ: Բացի անկէ, քննարկումներուն նախորդող օրերուն կոմիտէին ուղարկուած են բանաձեւերուն ընդդիմացող հարիւրաւոր նամակներ եւ վկայութիւններ:

Նշենք, որ 7 ապրիլ 2009-ին օրինական ուժի մէջ մտած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որով Հաուայ դարձած է Միացեալ Նահանգներու 42-րդ նահանգը, որ պաշտօնապէս ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հաուայի նահանգին մէջ ծնած ու մեծցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա, եւ նոյնինքն այդ փաստաթուղթը պաշտօնապէս ընդունելու օրը Օպամա պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա կը գտնուէր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES