Աթլեթիզմ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Չինաստան

to-chinaԵրէկ` հինգշաբթի, 13 փետրուարին, Հանկզու (Չինաստան) մեկնեցաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ 6-րդ աթլեթիզմի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 փետրուարին:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ուասի Հաուլի (պատասխանատու եւ մարզիչ), Ալի Հազեր (60 մեթր, արգելարշաւ), Նուրէտտին Հատիտ (400 մեթր), Ազիզա Սպէյթի (60 մեթր) եւ Քրիսթել Սանեհ (Հնգամարտ):

Ախոյեանութեան նախօրեակին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամները` գլխաւորութեամբ նախագահ Ռոլան Սաատէի, տեսակցութիւն ունենալով մարզիկներուն հետ, անոնց մաղթեցին յաջողութիւն:

Share this Article
CATEGORIES