ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի Սկաուտական Աշխատանքներէն

«Սկաուտը Միշտ Կ՛օգնէ Ուրիշին»
Դաւանանքի Գործնականացում

photo-2Ֆիզիքական զարգացման կողքին սկաուտները նաեւ կը զարգանան հոգեպէս եւ մտովին: Աւելին` սկաուտները իրենց անձերէն, իրենց խումբերէն անկախ նաեւ գոհացում կու տան իրենց շրջապատին եւ կ՛օժանդակեն ուրիշին, ինչպէս կը թելադրէ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու դաւանանքներէն մէկը` «Սկաուտը միշտ կ՛օգնէ ուրիշին»:

Երկրորդ տարին ըլլալով, Նոր տարուան տօնական մթնոլորտը շէնցնելու եւ ուրախութիւն տարածելու նպատակով ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի արենուշական խմբակները այցելեցին շրջանի տարեցներու տուներ ու նուիրեցին իրենց կողմէ պատրաստուած բացիկներ, Կաղանդի ձեռայիններու անուշեղէններ: Անոնք մտերմիկ ու հաճելի վայրկեաններ անցուցին տարեցներուն հետ` ներկայացնելով երգեր, մաղթանքներ կամ պարզապէս խօսակցելով անոնց հետ: Արենուշները քանի մը վայրկեաններու համար ապրեցան եւ ստեղծեցին անկեղծ ու ջերմ մթնոլորտ:

Արենոյշները այս այցելութիւններուն ընդմէջէն հասկցան, թէ որքա՛ն հաճելի եւ շինիչ ժամեր կարելի է անցընել պարզապէս խօսակցելով մարդոց հետ եւ յատկապէս աւագ սերունդի պատկանող սիրալիր անձերու հետ:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքին մէջ նաեւ մեծ տեղ կը գրաւէ ազգային դաստիարակութիւնը: Դարձեալ հետեւելով ուրիշը օգնելու մղող դաւանանքին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի արենոյշները նաեւ կազմակերպեցին քարոզարշաւ եւ հանգանակութիւն` Ջաւախքի հայութեան համար: «Միասնաբար Ջաւախքի համար» վերնագիրին տակ, մէկ ամսուան տեւողութեան անոնք պատրաստեցին պատի թերթեր, յայտարարութիւններ, որմազդներ, եւ մասնաճիւղի սկաուտներուն ծանօթացուցին Ջաւախքը ու անոր ներկայի հարցերը: Առաջին հերթին արենոյշները, իրենց խմբապետներուն օժանդակութեամբ, կատարեցին պրպտումներ եւ ծանօթացան Ջաւախքին ու անոր առօրեայ հարցերուն: Ապա արենուշական ամէն մէկ խմբակ մասնաճիւղի տարբեր խումբերուն ներկայացուց իր պրպտումներուն արդիւնքները, տարբեր միջոցներով` ըստ տարիքի յարմարութեան: Բերանացի ներկայացումներուն կողքին` երէցներուն ու պարմանուհիներուն ցուցադրուեցան տեսերիզներ, արիներուն բաժնուեցան բացատրողական թղթիկներ, գայլիկներուն համար պատրաստուեցաւ զարգացման մրցում մը, եւ արծուիկներուն թատրոնի միջոցաւ փոխանցուեցաւ Ջաւախքի մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններու գոյութեան իրողութիւնը: Ներկայացումներու կողքին արենուշական ամէն մէկ խմբակ նաեւ պատրաստեց պատի թերթ մը, որ զետեղուեցաւ ակումբի մուտքին` գրաւելով նաեւ ծնողներու եւ բարեկամներու ուշադրութիւնը: Հոն ներկայացուեցան Ջաւախքի մէջ տիրող կրթական, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական-ընկերային ոլորտներու դժուար վիճակները: Վերջապէս արենոյշները յայտարարութիւններով ու որմազդներով կոչ ուղեցին սկաուտներուն, ծնողներուն եւ մասնաճիւղի բարեկամներուն` մասնակցելու հանգանակութեան մը, որ կատարուեցաւ երկու յաջորդական շաբաթներու ընթացքին` սկաուտական հաւաքներուն, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ արենուշներու Կաղանդի թէյասեղանին: Հաւաքուած գումարը հասաւ 500 տոլարի, որ յանձնուեցաւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք-Արցախ-Արեւմտահայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին, որ իր կարգի գումարը պիտի յատկացնէ ջաւախքահայութեան կարիքներուն: Ճիշդ է հաւաքուած գումարը խորհրդանշական էր միայն, սակայն այս նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսացաւ սկաուտները ծանօթացնելու հայկական հարցի ներկայիս ապրող մէկ երեսին, և անոնց մէջ զարգացնելու հայրենիքի հանդէպ պարտականութեան գիտակցութիւնը: Սկաուտները հասկցան, որ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումին, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Արեւմտահայաստանի, ու գաղութի բազմաթիւ հարցերու լուծումը ապահովելու ծանր աշխատանքին կողքին, նաեւ կարիքը կայ Ջաւախքի հարցի լուծման համար մեծածաւալ գործունէութեան մը, որուն մէկ փոքր կաթիլն էր սկաուտական այս աշխատանքը:

Արծուիկներու Կեանքէն

1511632_1015217– Սկաուտական կեանքն ու առօրեան սովորաբար կը յատկանշուին տարբեր բնոյթի գործունէութեամբ, որ կու գայ յաւելեալ իմաստ, գրաւչութիւն տալու ընթացիկ աշխատանքներուն պատգամ փոխանցելու եւ դաստիարակելու նորափթիթ սերունդները:

25 յունուարին ՀՄԸՄ-ի արծուիկներու մատուցուած դասախօսական նիւթն էր «Կենցաղավարութիւն», որ իր մատուցման եղանակով յատուկ էր, այն առումով, որ դասախօս` Րիմա Չոլաքեան, իբրեւ կրթական մշակ եւ փորձառու ուսուցչուհի, տեսականի կողքին, ան նաեւ շօշափելի ցուցմունքներ ներկայացուց:

Լայն գիծերու մէջ անդրադառնալէ ետք մարդկային կեանքի վերաբերող տարբեր երեւոյթներու, ինչպէս` պատշաճ նիստ ու կաց, քաղաքավար խօսակցութիւն, յարգալիր վերաբերում եւ այլն, Ր. Չոլաքեան շեշտը դրաւ առհասարակ ընտանեկան, դպրոցական թէ ընկերական կեանքի մէջ պատահող անախորժ եւ տգեղ վերաբերումներէ խուսափելու վատառողջ սովորութիւններէ ձերբազատելու կարեւորութեան վրայ, որպէսզի փոխադարձ յարգանքի եւ առողջ յարաբերութեան գիտակցութիւնը ամուր մնայ բոլորի մօտ:

Րիմա Չոլաքեան` մեր կեանքէն օրինակ բերելով խօսեցաւ ճաշասեղանի վերաբերող կենցաղային բազմաթիւ վատառողջ սովորութիւններու, որոնց սրբագրումով կարելի պիտի ըլլայ աւելի հաճելի դարձնել տուեալ պահը:

1450717_10151976– 18 յունուարին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի արծուիկներուն ներկայացուեցաւ «Երաժշտական բուժում. փորձարկում` այլընտրանքային գործիքներու միջոցով» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկավարժ եւ արուեստագէտ Անիթա Թութիկեանը:

Շեշտը դնելէ ետք նման նիւթերու կարեւորութեան վրայ, իրեն յատուկ ոճով Թութիկեան մատչելի եւ հաղորդական եղանակով ներկայացուց նիւթը, ապա անմիջապէս անցաւ փորձառական աշխատանքի: Հետաքրքրական էր, որ ան իրեն հետ բերած էր ձայն հանող գործիքներ, սարքեր կամ խաղալիքներ (առաւելաբար պատանիները հետաքրքրող), որոնց միջոցով ան կրցաւ ներգրաւել բոլորը` երաժշտական աշխատանքի մը ընդմէջէն:

Արծուիկները մեծ հաճոյքով, խանդավառութեամբ թէ ոգեւորիչ մասնակցութեամբ հետեւեցան տրուած ցուցմունքներուն եւ ստեղծեցին այն երաժշտական պահը, որով պիտի կարենային արտայայտել իրենց զգացումները, ապրումներն ու պատանեկանի ներաշխարհը: Արծուիկներէն իւրաքանչիւրը ընտրեց իր նախասիրած գործիքը կամ սարքը, իր ընկերներուն հետ «նուագեց», եւ միասնաբար «յօրինեցին» իրենց յատուկ եղանակները:

2013-Ardzevig-Dzeranots-22013-Ardzevig-Dzeranots-1

 

Արծուիկի մը յատուկ «Գործել բարիք մը ամէն օր» խոստումին անսալով` դեկտեմբերի աւարտին արծուիկները իրենց շաբաթօրեայ յայտագիրը կատարեցին ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին մէջ` տօնական մթնոլորտը մամիկներուն եւ պապիկներուն հետ բաժնեկցելու նպատակով:

Արծուիկները արդէն նախապէս պատրաստած էին փոքրիկ ձեռային աշխատանքներ, նուիրատուութիւններ հաւաքեցին ծնողներէն եւ բարեկամներէ, ինչպէս` հագուստ, ուտելիք չիր-չամիչ եւ այլն:

Յայտագիրին մասնակցեցան 30 արծուիկներ եւ խմբապետական կազմի անդամեր: Անոնք ներկայացուցին խմբային երգեր, կանչեցին, նուէրներ բաժնեցին ծերերուն, հիւրասիրեցին զանոնք:

Յայտագիրի վերջին բաժինով արծուիկները ներկայացուցին աւանդական կերպով Նոր Տարին դիմաւորելու ձեւերը:

Մթնոլորտը շատ ջերմ էր, մտերմիկ ու ընտանեկան: Արծուիկները զրուցեցին մամիկներուն եւ պապիկներուն շուրջ, պատմութիւններ պատմեցին եւ ապրեցան հայաշունչ ընտանեկան ժամեր: Անոնք նաեւ սորվեցան, թէ տօնական առիթներով եւ այլապէս պէտք է միշտ յիշել երէցներն ու կարիքաւորները:

 

Share this Article
CATEGORIES