Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Հարցով Զբաղող Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչները

IMG_0242Ուրբաթ, 14 փետրուար 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Անցնող ամիսներուն ընթացքին յիշեալ կազմակերպութիւններուն աշխատանքին թիրախը դարձած էր ընդհանրապէս Սուրիոյ հարցը եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ապագան: Այս ուղղութեամբ, անոնք հանդիպումներ ունեցած էին Եւրոպայի պետական պատասխանատուներուն հետ:

Վեհափառ հայրապետին իրենց կատարած այցելութեան նպատակն էր իրազեկ դառնալ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնին մէջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին վերաբերեալ տեղի ունեցած ժողովին գծով, ուր վեհափառ հայրապետը կարեւոր ներդրում ունեցած էր, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ վեհափառ հայրապետին տեսակէտները ունենալ:

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը վերաքաղ մը կատարեց Ժընեւի ժողովին իր փոխանցած ինը կէտերէ բաղկացած պատկերացումին, յատկապէս շեշտելով այն բաժինները, որոնք առնչուած էին քրիստոնեայ համայնքներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց Սուրիան դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող հոլովոյթի մը հաստատումը` մասնակցութեամբ կառավարութեան, ընդդիմութեան եւ բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն: Նման հոլովոյթ մը կ՛ենթադրէ թէ՛ Արաբական լիկայի եւ թէ՛ ՄԱԿ-ի ամբողջական զօրակցութիւնը, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը շեշտեց նաեւ երկու կէտեր.- ա) Քրիստոնեայ համայնքները անանջատելի մասն են սուրիական ընկերութեան եւ անոնց ներկայութիւնը խոր արմատներ ունի պատմութեան մէջ: բ) Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է հիմքը ծառայէ Սուրիոյ նկատմամբ առնուելիք որեւէ քայլի` այս ծիրին մէջ միշտ յարգելով քրիստոնեաներուն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները` իբրեւ համահաւասար քաղաքացիներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )