Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ բանակը հակակշիռի տակ առած է Եապրուտի արեւելեան շրջանի այն անցքերը, որոնք կ՛օգտագործուին Լիբանանի կողմէ Սուրիա ներթափանցելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց վայրագութիւնը իբրեւ քաղաքական միջոց օգտագործելու ձեւը: Դեսպանատունը կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու պատասխանատուները եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր լիբանանեան բանակը ամբաստանեց Հըզպալլայի հետ մեղսակցելու յանցանքով` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ իր աշխատանքները Հըզպալլայի հետ կը համադրէ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ իրենք կ՛ակնկալեն համախմբող կառավարութիւն մը, որ կը պարփակէ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է շրջանային զարգացումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ արդարութիւնը կարողութիւն չունի Ռաֆիք Հարիրին վերադարձնելու, սակայն անիկա Լիբանանը կը պաշտպանէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ ընդգծեց, որ սուրիական պատերազմին համար Լիբանանը օգտագործելու գրաւը ձախողած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու Իրանը չի կրնար ոճրագործութենէ հեռու պահել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )