«Կառավարութեան Մաս Կազմելու Իմաստով Ոչ Ոք Վեթոյի Ենթարկած Ենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Nassrallah-TV16022014

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Հըզպալլայի հիմնադիր եւ ղեկավար նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումին ձեռնարկին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն:

Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարները, ինչպէս նաեւ բոլոր նահատակները` շեշտելով, որ նահատակներուն յիշատակը լաւագոյն ձեւով յարգած կ՛ըլլայ ան, որ անոնց գործը, այս պարագային Դիմադրութեան առաքելութիւնը կը շարունակէ:

Նախ եւ առաջ սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղեց Իսրայէլի` շեշտելով, որ եթէ ան կը կարծէ, թէ Հըզպալլա Սուրիոյ եւ Լիբանանի իրավիճակով զբաղած է, ապա ան չարաչար կը սխալի, որովհետեւ Հըզպալլա զգաստ է եւ արթուն վիճակով կը հսկէ իր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ իր կարողութիւնները կը բարելաւէ եւ յաւելեալ փորձառութիւն կը շահի` Սուրիոյ հաւատադրժողականներուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ:

Անդրադառնալով ոմանց, որ մնայուն կերպով Հըզպալլան յանցաւոր կը նկատեն, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ ինչպէս անոնք շեշտած են, թէ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած բոլոր պատերազմները Հըզպալլայի պատճառով է, այսօր նոյնպէս համոզուած են, թէ հաւատադրժողական շարժումներուն գործած արարքներուն պատճառը Սուրիոյ պաշտպանութեան պայքարին մէջ Հըզպալլայի մասնակցութիւնն է:

«Սակայն մենք ինչպէս որ յաղթած ենք իսրայէլեան գոյացութեան, նոյնպէս ալ պիտի տապալենք հաւատադրժողական շարժումները, բայց այդ յաղթանակը պարզապէս ժամանակի, ժողովուրդին կողմէ համբերութեան, կարգապահութեան եւ դէպի նիւթուող սադրանքը չներքաշուելու կը կարօտի», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ, որ եթէ հաւատադրժողական խմբաւորումները տիրեն Սուրիոյ, ի՞նչ պիտի պատահի Լիբանանին եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի ղեկավարներուն ճակատագիրը, ըլլան անոնք սիւննի, շիի, քրիստոնեայ թէ տիւրզի:

Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է համոզուիլ, թէ անոնց դէմ մղուած պայքարը յաղթանակով պիտի աւարտի:

Ան շեշտեց, որ վտանգը կը սպառնայ բոլորին` սիւննիին, շիիին, քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն: «Հետեւաբար, եթէ հաւատադրժողական զինեալները լիբանանեան սահմաններուն տիրանան, կարելի պիտի չըլլայ դէպի Լիբանան փոխադրուող ականուած ինքնաշարժներուն հոսքը կասեցնել», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ դիմադրութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային մակարդակի վրայ, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ իրենց պիտի չարտօնուի այն, ինչ որ բոլորին պետութիւններուն համար արտօնելի է: «Օրինակ, Սէուտական Արաբիա կը վախնայ, որ հաւատադրժողական զինեալները տուն կը վերադառնան: Հետեւաբար կասեցուցէք այդ շարժումներուն ձեր զօրակցութիւնն ու ֆինանսաւորումը եւ վերջ տուէք Սուրիոյ դէմ պատերազմին, որպէսզի շրջանին դէմ նիւթուող սադրանքներուն վերջ մը դրուի», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը բոլորէն աւելի զիջեցան եւ լուծման յանգելու դռները բաց ձգեցին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը կանխարգիլել: «Մենք ոչ ոքի մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած ենք

կառավարութեան կազմութեան առումով», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը, որ ազգային շահերու կառավարութիւն է, պէտք է աշխատի հիմնական երկու թղթածրարի վրայ` նախագահական ընտրութեան կազմակերպում եւ կայացում, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար:

Ան ըսաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակողը հերթագայութիւնը չէր, այլ` քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու մերժումը, այս կամ այն քաղաքական կողմը վեթոյի ենթարկելն ու չէզոք կամ կատարուած իրողութեան կառավարութեան պահանջը:

«Մենք բոլորէն աւելի կը փափաքինք, որ լիբանանեան բանակը զինուի տեսակարար զէնքերով ու զինամթերքով եւ ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու երկիրը եւ անոր սահմաններն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանող ըլլայ: Ամէն պարագայի, մօտիկ ապագային պիտի փաստուի, եթէ Լիբանանի բարեկամ պետութիւններ անոր բանակին տեսակարար զէնքեր պիտի տրամադրեն եւ զայն պիտի հզօրացնեն», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES