Աթլեթիզմ. Վազքի Տարիքային Ախոյեանութեան Մասնակցեցան 22 Ակումբներ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի վազքի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 22 ակումբներու, որոնք արձանագրուած են ֆետերասիոնին մօտ:
Այս ախոյեանութեան ներկայ էին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի, ֆետերասիոնի անդամներ էլի Տագէսեան, Սալահ Ֆարրան, Ժան Ղաուի եւ Խալետ Մաժահես:
Բոլոր դասակարգերու մրցումներուն ալ տիրապետեցին ոչ հայ մարզիկներ` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական արդիւնքներուն մէջ հայու ոչ մէկ անուն կը գտնուէր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ձեռամբ` ֆետերասիոնին անդամներուն:
CATEGORIES Մարզական

