Հարցազրոյց Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի Հետ

Dr. ARMENIANՄիջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ամրագրած, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի` «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Յարութիւն Արմէնեան գիտական իր մասնագիտութեան կողքին նաեւ ունի արուեստի ու գրականութեան իւրայատուկ աշխարհ մը:

Երէկ` երկուշաբթի, 17 փետրուարի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ` իբրեւ 14 տարուան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ, անոր տարած աշխատանքին, համալսարանի բազմաճիւղ գործունէութեան, չորեքշաբթի, 19 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահին մէջ տեղի ունենալիք իր ստեղծագործութիւններու գիրքին շնորհահանդէսին եւ գործերու ցուցադրութեան: Մեր զրոյցին ընթացքին կային գիտական, մասնագիտական, արուեստի եւ գրականութեան բաժիններ:

Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES