100-Ամեակի Մարմինը Այցելեց Ներսէս-Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին

IMG_7493Լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն տրուած զեկուցական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ տեսակցեցաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ պատրիարքութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամներ «Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու հայր Վարդան Գազանճեան եւ Սարգիս Նաճարեան:

Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց մարմինին կողմէ համակարգուող եւ նախաձեռնուող ձեռնարկներու եւ աշխատանքային ծրագիրին ընդհանուր նախագիծին մասին: Հոգեւոր տէրը կատարելով որոշ մատնանշումներ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց յագեցած ծրագիրին եւ մաղթեց, որ գաղութը բաղկացնող բոլոր շրջանակները համախմբուին այս ծրագիրները իրականացնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES