Վենեզուելա Արտաքսած Է Ամերիկացի Դիւանագէտներ` Ընդդիմութեան Սատարելու Պատճառով
Ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ կիրակի օր հրահանգած է արտաքսել երեք ամերիկացի դիւանագէտներ:
Այդ մէկը տեղի ունեցած է, երբ Ուաշինկթըն պաշտպանած է վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Լէոփոլտօ Լոփեզը: Վենեզուելա Լոփեզը կը մեղադրէ վերջերս երկրին մէջ տեղի ունեցող հակակառավարական ցոյցերու եւ արիւնահեղութեան համար:
Նիքոլաս Մատուրօ չէ մատնանշած դիւանագէտներուն անունները, սակայն յայտնի է, որ անոնք հիւպատոսարանի աշխատակիցներ են:
Վենեզուելան զանոնք մեղադրած է վերջին երկու ամիսներուն համալսարաններ ներթափանցելու փորձի համար:
Քարաքաս յայտարարած է, որ Լոփես ընկերվարական կառավարութիւնը տապալելու ֆաշական փորձ կատարած է:
Վերջին օրերուն Վենեզուելայի մէջ տեղի կ՛ունենան նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի 10 ամսուան իշխանութեան մեծագոյն ցոյցերը. Լէոփոլտօ Լոփես յաջողած է տասը հազար մարդ փողոց դուրս բերել:
Բախումներուն պատճառով 23 վիրաւոր արձանագրուած է:

