ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ` «ԲՈԼՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՆ ԱԼ ԱՆԽՏԻՐ ՊԷՏՔ Է ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԵԼ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ կազմակերպութեամբ Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինին (ՀՄԸՄ, ՀՄՄ եւ ՀԵԸ), ուրբաթ, 24 յունիս 2011-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Այդ ճաշկերոյթին նպատակն էր նախ եւ առաջ ծանօթացնել միացեալ մարմինին կատարած աշխատանքները վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին եւ յառաջիկայի ծրագիրը, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանան աշխատանքները` լաւապէս պատրաստուելու համար Համահայկական խաղերուն, որպէսզի լիբանանահայ գաղութը յաջողի լաւ արդիւնքներ արձանագրել յառաջիկայ օգոստոսին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ օրուան յայտագիրը, որմէ ետք յաջորդաբար խօսք առին Յակոբ Քէշիշեան (ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ), Միսաք Նաճարեան (ՀՄՄ-ի ներկայացուցիչ), Նշան Համամճեան (Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինի ատենապետ), Վարդան Ադամեան (Հայաստանի դեսպանի ներկայացուցիչ) եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Համահայկական խաղերու կեդրոնական մարմինի փոխնախագահ):
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Սրբազան հօր խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` սրբազան հօր եւ Լիբանանի միացեալ մարմինի անդամներուն կողմէ:
Նշենք, որ յայտագիրը ճոխացուցին անուանի ջութակահար Առաքել Միքայէլեան եւ սիրուած երգչուհի Քարմեն Աճեմեան:
Ստորեւ յաջորդաբար կու տանք այս ճաշկերոյթին խօսք առնողներուն ելոյթները.
ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինին անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին:
Հոս ներկայ ենք իբրեւ ներկայացուցիչները լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու` զօրակցութիւն յայտնելու եւ նեցուկ կանգնելու համար Լիբանանի մարզական աշխարհին մէջ գործունէութիւն ունեցող երեք միութիւններու` ՀԵԸ- Անդրանիկի, ՀՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի միացեալ այն պատուիրակութեան եւ հաւաքական խումբին, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Համահայկական 5-րդ խաղերուն` Երեւանի մէջ, յառաջիկայ օգոստոս ամսուան ընթացքին, մասնակցելով պասքեթպոլի, մինի ֆութպոլի եւ աթլեթիզմի մրցումներուն:
Հաւատալով, որ միացեալ ուժերով կրնանք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, կը հաստատենք, որ այսօրուան ձեռնարկին կայացումը ինքնին արդէն նախաքայլն է մեր յաջողութեան:
Կ՛ողջունենք Համահայկական խաղերը կազմակերպելու ծրագիրը յղացած հայորդիները:
Կը գնահատենք իրերայաջորդ բոլոր Համահայկական խաղերու գերագոյն մարմինները, որոնք իրենց ջանքերով կը միացնեն աշխարհացրիւ հայութեան զանազան գաղութներու եւ քաղաքներու երիտասարդները` մայր հայրենիքին մէջ:
Կ՛ողջունենք համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանը:
Կեցցէ՛ լիբանանահայութիւնը:
Յաւե՛րժ ապրի Լիբանանը:
ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Սիրելի՛ ներկաներ եւ հրաւիրեալներ:
Մենք բոլորս այստեղ հաւաքուած ենք զօրավիգ կանգնելու եւ մեր օժանդակութիւնը տրամադրելու պատմական անցեալ ունեցող հայկական երեք մարզական միութիւններուն` ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ Անդրանիկի, որոնք Լիբանանը պիտի ներկայացնեն յառաջիկայ օգոստոսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 5-րդ խաղերուն` մասնակցելով մինի ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի մրցումներուն:
Վերոնշեալ երեք միութիւններն ալ իրենց անունը արձանագրած են Լիբանանի մարզական էջերուն վրայ, որովհետեւ բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն եւ մրցումներուն մասնակցած են պատիւով եւ մարզական ոգիով:
Մարզական իրադարձութիւնները կը նկատուին շատ կարեւոր, որովհետեւ անոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ իրարու հետ ապրին համերաշխօրէն:
Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս խաղերը իրենց տեսակին մէջ իսկապէս կը նկատուին իւրայատուկ, որովհետեւ կու գան յաւելեալ փայլք մը տալու Հայաստանին:
Հայկական երեք միութիւնները` իրենց կողքին ունենալով Նշան Համամճեանը, ամբողջ երեք ամիս տքնաջան աշխատանք տարին եւ պիտի շարունակեն տանիլ` հասնելու համար լաւագոյնին:
Մեզի` ներկաներուս համար պարտականութիւն եւ որոշ չափով ալ պարտաւորութիւն է նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցիլ լիբանանահայութեան մարզական պատուիրակութեան, որպէսզի Լիբանանը ներկայացնելով յաջողինք Պէյրութի անունը բարձր պահել:
Կեցցէ՛ք բոլորդ:
Կեցցէ՛ հայերուս մայրաքաղաքը` Երեւանը:
Կեցցէ՛ Արեւելքի ադամանդը` Պէյրութը:
Կեցցէ՛ Լիբանանը:
ՆՇԱՆ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Յարգարժա՛ն հրաւիրեալներ եւ սիրելի՛ ներկաներ,
Նախ թոյլ տուէք, որ Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինին անունով, որ համընդհանուր ճիգերու շնորհիւ ծնունդ առաւ, ողջունեմ բոլորդ եւ կանխաւ վարձքերնիդ կատար ըսեմ:
Այս սրահին մէջ այսօր մէկտեղուած եւ լիբանանահայ իրականութիւնը կազմող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն ներկայութիւնը ինքնին ցնծութիւն կը պատճառէ լիբանանահայութեան:
Այս մէկտեղումը յաղթանակի ցուցանիշ մը ըլլալէն անդին հաստատ գրաւականն է այն պարզ, պայծառ ու բովանդակալից արտայայտութեան, որ յարատեւ կը հնչէ ամէնուրեք, թէ լիբանանահայութիւնը սփիւռքի առանցքն է` բոլոր ժամանակներուն ու մակարդակներուն վրայ:
Առանցքային նշանակութիւն ունեցող լիբանանահայութիւնը չի կրնար լուռ մնալ հայրենիքի զանազան կոչերուն եւ հրաւէրներուն: Լիբանանահայութիւնը միշտ կազմ ու պատրաստ ներկայութիւն պէտք է ըլլայ հայրենիքի կազմակերպած համահայկական այլազան ձեռնարկներուն` ոչ միայն աւելի եւս փայլք տալու համար անոնց, այլեւ սփիւռք – Հայաստան փոխյարաբերութեան կապերը սերտացնելու եւ զարգացնելու համար:
Վերոնշեալէն մեկնելով` Համահայկական խաղերու լիբանանեան մարմինս ամիսներէ ի վեր լծուեցաւ ժրաջան աշխատանքի, որ տակաւին ընթացքի մէջ է եւ աւելի եւս թափ պիտի առնէ այս աղ ու հացի հանդիպումով: Ան որոշեց լիբանանեան հայրենիքին անունով եւ միացեալ պատուիրակութեամբ մը ներկայանալ Համահայկական ողիմպիական խաղերուն` լիբանանեան հայրենիքի Պէյրութ եւ Պուրճ Համուտ քաղաքներուն դրօշները ծածանեցնելու համար մայր հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի սրահներուն մէջ եւ մարզադաշտերուն վրայ:
Սիրելինե՛ր,
Համահայկական ողիմպիական 5-րդ խաղերու լիբանանեան մեր միացեալ պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ 60 մարզիկներէ, որոնք բացման հանդիսութեան շքեղ տողանցքէն անկախ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մարզական զանազան խաղերու:
Կը յուսանք նաեւ այդտեղ` մայր հայրենիքի մէջ արձանագրել պատուաբեր արդիւնքներ, որոնք մեր կուրծքերը պիտի լեցնեն ուրախութեամբ եւ մեր գաղութին անունը պահեն վեր:
Սակայն, այս աշխատանքի իրագործումը ունի երկու բաժին. կազմակերպական զոհաբերութիւն եւ նիւթական կարիք:
Կազմակերպական աշխատանքները քանի մը ամիսներէ ի վեր շաբաթական եւ հերթական դրութեամբ կը տարուին Համահայկական խաղերու միացեալ մարմինին մօտ լիբանանահայ մարզական միութեանց` ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ Անդրանիկի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Իսկ նիւթական կարիքի բաւարարման համար նախատեսած ենք շուրջ 60 հազար ամերիկեան տոլար, գումար մը, որ հազիւ կրնայ բաւարարել մեր ծախսերը, որոնք նուազագոյն կարիքէն անդին պիտի չանցնին:
Կ՛ակնկալենք, որ այսօրուան մեր հաւաքը մեծ մասամբ կ՛իրականացնէ մեր նախատեսածը եւ կը սատարէ մեր աշխատանքի յաջողութեան ու նպատակին` հասնելու համար հոն, ուր պիտի կարենանք իսկապէս ու հաստատ կերպով փաստել եւ ըսել, թէ այո՛, Լիբանանը է՛ ու կը մնայ սփիւռքի փարոսը:
Ողջո՛յն մայր հայրենիքին:
Կեցցէ՛ք բոլորդ:
Կեցցէ՛ Լիբանանն ու անոր հիմնական կառոյցին մաս կազմող լիբանանահայութիւնը:
ՎԱՐԴԱՆ ԱԴԱՄԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Նախ եւ առաջ կու գամ ողջունելու ներկաները: Ես անձամբ ներկայ եղած եմ Համահայկական առաջին խաղերուն: Իսկապէս իրենց տեսակին մէջ եզակի են այս խաղերը, ուր ի մի կը խմբուի աշխարհացրիւ հայութիւնը եւ մայր հայրենիքին մէջ կը կատարէ մարզական խաղեր:
Թէեւ իւրաքանչիւր երկրի պատուիրակութեան մարզիկները պիտի պայքարին ըլլալու համար տիտղոսին տիրանալ փորձողները, կամ առաջին երեք դիրքերէն մէկը գրաւել ձգտողները, սակայն բնականաբար պիտի ըլլան յաղթականներ եւ պարտեալներ: Ինչ ալ ըլլան արդիւնքները, այդ խաղերուն բոլորին մասնակցութիւնը կը նշանակէ, որ բոլորն ալ կը նկատուին յաղթական, որովհետեւ հայութիւնն է ի վերջոյ յաղթականը:
Այս առիթով Լիբանանէն Երեւան մեկնող պատուիրակութեան կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ կը յուսամ, որ անիկա արդարացնէ յոյսերը այստեղ ներկայ գտնուողներուն, որոնք կազմակերպած են այս հաւաքոյթը, որպէսզի իրենց զօրակցութիւնը յայտնեն մարզիկներուն, որոնցմէ ոմանք շատ հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելեն:
Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն բոլորին:
ՍՏԵՓԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Ինչպէս բոլորդ տեղեակ էք, վերջին քանի մը ամիսներուն Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը ամէն տեսակի աշխատանք կը տանի` իր տեսակին մէջ եզակի այս մրցաշարքը յաջողցնելու համար:
Իսկապէս կազմակերպական աշխատանքները բաւականին դժուար են: Սակայն մեր ամէն կարելին կ՛ընենք իւրաքանչիւր անգամ մրցաշարքը առաւելագոյն ձեւով յաջողցնելու` պայքարելով մեր դիմաց ցցուող նիւթական դժուարութիւններուն դէմ, որոնք կը փորձեն խոչընդոտել մեր առաքելութիւնը:
Սակայն աւարտին մենք է, որ կ՛ըլլանք յաղթականը եւ այդ մէկը յաջողցնողը:
Կու գամ յաջողութիւն մաղթելու այս 5-րդ խաղերուն մասնակցող Լիբանանի միացեալ պատուիրակութեան, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ պատուաբեր արդիւնքներով վերադառնալու Հայաստանէն:
Եզրափակելով խօսքս, կու գամ ըսելու, որ մեծ յոյսով ենք, որ օրին մէկը, եւ կը յուսանք` մօտիկ ապագային, բոլորին մասնակցութիւնը այս խաղերուն ըլլայ ամբողջութեամբ ձրի եւ մասնակցող պատուիրակութիւնները ստիպուած չըլլան վճարելու ճանապարհածախսը, Հայաստան կեցութեան ծախսերը եւ այլն:
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին եւ մեր պատուիրակութեան:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ
Սիրելի՛ ներկաներ,
Այստեղ հաւաքուած ենք նախ եւ առաջ այժմէն իսկ յաջողութիւն մաղթելու այն մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք պիտի ներկայացնեն Լիբանանը` Համահայկական 5-րդ խաղերուն: Անոնք բոլորն ալ իրենց ուսերուն վրայ դրուած պատասխանատուութիւն մը ունին, որովհետեւ կը ներկայացնեն գաղութ մը ամբողջութեամբ:
Համահայկական խաղերուն մասնակցիլը կը նկատուի կարեւոր, որովհետեւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն բոլորիս մայրաքաղաքը` Երեւան գացող հայորդիները պէտք է ցոյց տան, որ ասիկա սովորական մրցաշարք մը չէ սոսկ, այլ` հայրենիքին նկատմամբ անոնց ունեցած այն մեծ սէրը եւ նուիրումը, որ զանոնք կը մղէ հայրենիքին հողին վրայ համախմբուելով ցոյց տալու, որ ինչ ալ ըլլան հեռաւորութիւնները, մայր հայրենիքին կանչը բոլորը կը համախմբէ եւ կը միաձուլէ իրարու մօտ:
Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի կողքին սփիւռքէն ժամանած պատուիրակութիւններ եւ միութիւններ աշխուժ մասնակցութիւն պիտի բերեն համահայկական այս խաղերուն: Այս խաղերը ոչ միայն մարզական առումով կարելի է նկատել կարեւոր, այլեւ ազգային իմաստով, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան այն կէտը, ուր պիտի տեսնենք, թէ բոլորս միասին կրնանք համախմբուիլ` մոռնալով մեր տարբեր մտածելակերպերը: Բոլորին մէկտեղումը առիթ մըն է նաեւ մեզի, որ եկող սերունդներուն ցոյց տանք մեր ուժը, մեր ունեցած կարծիքը:
Համահայկական այս խաղերը նաեւ իբրեւ ապացոյց կարելի է նկատել Հայաստան – սփիւռք զօրութեան` նկատի ունենալով, որ ի վերջոյ բոլորիս ալ հայրենիքը Հայաստանն է:
Այս խաղերուն մեզ հետաքրքրողը այն չէ՛, թէ ո՛վ յաղթեց կամ ո՛վ տիտղոսի մը տիրացաւ: Մեր փափաքն է բոլոր մասնակցողներն ալ անխտիր յաղթական հռչակել, որովհետեւ անիկա պէտք է ըլլայ հայապահպանութեան ախոյեանութիւն:
Այս տրամաբանութեամբ եւ այս ոգիով մեր տղաքն ու աղջիկները կը ղրկենք Հայաստան: Կը գնահատենք բոլորը, տարուած եւ ցարդ տարուելիք աշխատանքները եւ բոլոր մասնակցողներուն կը մաղթենք յաջողութիւն:
Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին: