Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ լիբանանեան-ֆրանսական համաձայնութիւն մը գոյացած է երկու երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւններուն միջեւ, ըստ որուն, կա՛մ Լիբանան պիտի ժամանէ ֆրանսացի մարզիչ մը եւ կա՛մ լիբանանցի մարզիկներ Ֆրանսա պիտի մեկնին լաւապէս պատրաստուելու համար 2015-ի Արաբական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Լիբանանի մէջ:

Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ Մար Եուսեֆ ակումբին (Պէյթ Քըքքօ), որպէսզի վերջինս կազմակերպէ հիւսիսային Լեռնալիբանանի փինկ փոնկի մրցաշարք մը շաբաթ, 1 մարտին, սակայն սոյն մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միայն քաղաքապետեր եւ քաղաքապետութիւններու անդամներ:

Թրիփոլիի շրջանին մաս կազմող ակումբներէն Ռիատա Ուալ Ատապ իր թղթածրարը ամբողջացնելէ ետք պաշտօնապէս միացաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին:

Առաջադրուեցաւ ցանկը ստորեւ ներկայացուած տեղացի իրաւարարներուն, որոնք պիտի մասնակցին միջազգային իրաւարար դառնալու համար տեղի ունենալիք քննութիւններուն:

Այդ ցանկին մաս կը կազմեն Ղատիր Սպէյթի, Մայք Թարապայ, Մորիս Էլիաս, Ռապիհ Ժըրժես, Ռոյ Աքիքի, Սարա Ժապեր, Միշել Սըմաանի, Էլի Ռահպանի եւ Ահմետ Պու Հաշեմ:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը հաւանութիւն տուաւ Քրիսթիան Աթիէի եւ Թալիա Ազարի, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն 20-23 փետրուարին Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք բանակումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )