Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Միսաք Մանուշեանի Խումբին Նուիրուած Արարողութեան
Երէկ Փարիզի արուարձանին մէջ գտնուող ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման Մոն Վալերիեն յուշահամալիրին մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն` նուիրուած Միսաք Մանուշեանի խումբի անդամներուն նացիներուն կողմէ գնդակահարման 70-րդ տարելիցին:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ծաղկեպսակ զետեղեց յուշահամալիրին վրայ եւ հանդէս եկաւ ելոյթով: Արարողութեան մասնակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայաստանի Հանրապետութեան անունով:
Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Միսաք Մանուշեանի կեանքի վերջին ժամերուն գրուած նամակը` ուղղուած իր կնոջ` Մելինէին.
«Քանի մը ժամ ետք ես այլեւս այս աշխարհին մէջ պիտի չգտնուիմ. զիս պիտի գնդակահարեն կէսօրէ ետք: Երանի անոնց, որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը: Ես վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատուօրէն կը պահեն մեր յիշատակը: Եթէ կարելի ըլլայ, իմ յիշողութիւններս փոխանցէ՛ Հայաստանի մէջ գտնուող իմ հարազատներուս», գրած է Միսաք Մանուշեան կեանքի վերջին պահերուն իր կնոջ:
Իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նշեց, որ Մանուշեան Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն է, որ հաստատուեցաւ Ֆրանսայի մէջ եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրման պայքարին: Նախագահը շեշտեց, որ Մանուշեան միակ հայը չէ, որ իր կեանքը զոհեց Ֆրանսայի ազատութեան համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆրանսայի կառավարութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

