Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Հայկական Շաբաթօրեայ Հաւաք
Երկրորդ տարին ըլլալով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Հայկական շաբաթօրեայ հաւաքը» կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու հայկական մշակութային եւ լեզուական կրթութիւն ջամբել հաճելի, ընկերական առողջ ու ներդաշնակ մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ:
Փաստօրէն, շաբաթական հերթականութեամբ աշակերտներ կը հաւաքուին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի յարկին տակ, Մըզհեր, Անթիլիաս, եւ մօտէն կը ծանօթանան հայոց պատմութեան, լեզուին, պարին եւ երգին, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներու ընդմէջէն անոնք պատմութեան տիպարներն ու դէպքերը շօշափելի ձեւով կ՛իւրացնեն:
Պէտք է յիշեցնել, որ անոնք այցելութիւններ կու տան հայկական հաստատութիւններու («Լեւոն Շանթ» կեդրոն, «Վանայ ձայն», «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակ, Համազգայինի տպարան) եւ այլն:
Այս ծիրին մէջ, շաբաթ, 22 փետրուար 2014-ին, ծնողներու ներկայութեան աշակերտները տօնեցին Բարեկենդանը, մասնակից դարձան տարբեր խաղերու` ապրելով այս տօնին խորհուրդը:
Ծնողներու ներկայութիւնը ստեղծեց ջերմ մթնոլորտ. անոնք իրենց կարգին իրազեկ դարձան տարուած աշխատանքներուն, գնահատեցին եւ ըստ էութեան արժեւորեցին հաւաքի գործունէութիւնը:
Այս պատեհ առիթէն օգտուելով` շաբաթօրեայ հաւաքի ուսուցիչները երգի, հայոց պատմութեան եւ լեզուի դասապահեր ունեցան` յաւելեալ լուսաբանութիւններ մատուցելով ծնողներուն:
Աւարտին, ծնողները եւ աշակերտները հիւրասիրուեցան խաշած ցորենով (հատիկ)` պահպանելու համար Բարեկենդանի տոհմիկ աւանդութիւնը: